Կազայի մէջ սպաննուած մանուկներու թիւը 12,300ի սահմանը անցաւ
Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն՝ վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին, Կազայի մէջ սպաննուած են առաւել քան 12,300 մանուկներ։ Բաղդատականի մը համար, ՄԱԿը կը շեշտէ, թէ 2019էն 2022 երկարող չորս տարիներուն ընթացքին, աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած պատերազմներուն ընթացքին սպաննուած են 12,193 մանուկներ։
«Տակաւին կոչ կ՛ուղղենք, որ անհրաժեշտ է ցամաքային անցքերը բանալ, որպէսզի օժանդակութիւնները անարգել մուտք գործեն Կազա: Բանակցութիւններուն մէջ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար յոյս կը դնենք Միացեալ Նահանգներու վրայ։ Բանակցային ջանքերը կը շարունակուին, սակայն համաձայնութեան չենք մօտեցած», յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր ՄաՃետ Անսարի:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, թէ «տակաւին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի յստակ թուական չկայ. ներկայիս Քնեսեթի առջեւ խօսք արտասանելու ծրագիրներ չունիմ»:
«Ուաշինկթըն իսրայէլեան կառավարութենէն Ռաֆահի վերաբերեալ ծրագիր մը չէ ստացած», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը այն է, որ «պէտք չէ հարաւ ուղղուիլ (Ռաֆահի վրայ յարձակիլ) եւ մարդասիրական տագնապը բարդացնել»:
«Ժամանակաւոր նաւահանգիստը մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու այլընտրանք դարձաւ` նկատի ունենալով, որ սահմանային անցքերը ներկայիս ապահով չեն, եւ առնչակից կողմերուն հետ կը խորհրդակցինք անցքերու ճամբով օժանդակութիւններու հոսքը բարելաւելու համար», ըսաւ Միլըր:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կազայի մէջ ծովային ժամանակաւոր նաւահանգիստ մը հաստատելու գաղափարը կը պատկանի Նեթանիահուին, որ այս գաղափարը Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին արտայայտած է:
Նաեւ, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ առաջարկած է, որ պատերազմէն ետք Պաղեստինեան իշխանութեան հետախուզութեան պետ Մաճետ Ֆարաճը ժամանակաւորապէս ստանձնէ Կազայի կառավարումը:
«Բնական է, որ Ֆարաճի անունը նշենք, որովհետեւ ան Պաղեստինեան իշխանութեան մէջ մեզի հետ «Համաս»ի դէմ ամէնէն շատ աշխատած անձնաւորութիւններէն մէկն է», յայտնեց իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ:
Ֆարաճի անունը նախապէս նաեւ իբրեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի այլընտրանք նշուած էր:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ