Որոնել

«Խորէն Ա. Կեդրոն» ի բացումը «Խորէն Ա. Կեդրոն» ի բացումը 

«Խորէն Ա. Կեդրոն»-ը բացուած յայտարարուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսպիսի կեդրոններ միջոց են առաքելութիւն ծաւալելու, եւ նկատի ունենալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան ու ծառայութեան հետզհետէ առաւել ընդարձակումը, նման կեդրոններ պիտի նպաստեն այդ ուղղութեամբ

Գարակէօզեան եւ Սուրէն Խանամիրեան նախկին ազգային վարժարաններու կառոյցը, Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային տուներուն կից, երիտասարդական ու մշակութային կեդրոնի պատշաճեցման համար վերանորոգութեան ենթարկուելէ ետք, հանրութեան կը տրամադրուի իբրեւ «ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»: Այս առիթով, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, թեմակալ առաջնորդներուն, թեմերու ազգային վարչութեանց ատենապետներուն, հայ համայնքներու ու քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն, միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի խումբ մը աշակերտներուն, Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց կեդրոնին պաշտօնական բացումը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ «Խորէն Ա. կեդրոն» անունը արժանի կերպով սոյն կեդրոնի ճակատին վրայ կը տեսնենք, որովհետեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոս ի՛նք հաստատած ու կառուցած է այս կեդրոնն ու անոր կից գտնուող ժողովրդային տուները: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ այս կառոյցը շինուած է իբրեւ վարժարան, իսկ այսօր, ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան մէկ կարեւոր բաժինը, իր մէջ կ՛ընդգրկէ կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնները, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ), «Շնորհալի» ու

«Նարեկացի» երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռին առաքելութեան հետ աղերս ունեցող զանազան կեդրոններ, ինչպիսին են` «Կիլիկիա» մատենադարանը եւ լսարաններու ու համագումարներու յատուկ սրահներ:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսպիսի կեդրոններ միջոց են առաքելութիւն ծաւալելու, եւ նկատի ունենալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան ու ծառայութեան հետզհետէ առաւել ընդարձակումը, նման կեդրոններ պիտի նպաստեն այդ ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց, որ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը ուղղուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` «ո՛ւր որ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի հոգեւոր սնունդի ու մեր կրթական մշակութային արժէքներու կենսագործման, հո՛ն է մեր Ս. Աթոռը` իր միաբանութեամբ, թեմերով եւ ժողովական կառոյցներով»:

Խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ կեդրոնի պատասխանատու նշանակած է Զաւէն վրդ. Նաճարեանը: Այս կեդրոնը որոշ դասաւորումներ ըրած է շրջանի 300 հայ ընտանիքներու զաւակներուն համար, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան այստեղ ծաւալուող աշխատանքներուն: Վերջապէս, ան յատուկ կերպով ողջունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներուն իրենց ներդրումը բերած բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի թեմերուն:

Վեհափառ հայրապետին օրհնութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, իր գլխաւորութեամբ եւ կեդրոնի տնօրէն հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ներկաները ծանօթացան կեդրոնի շէնքին ու զանազան բաժանմունքներուն:

Նշենք, որ հանդիսութեան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2024, 15:02