Կարմիր Խաչի աշխատակիցները այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի ղեկավարութեան
Փետրուարի վերջին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները անգամ մը եւս այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի ղեկավարութեան:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:
Ըստ տեղեկութիւններու, Արցախի ձերբակալուած ղեկավարներուն հետ եղած են անհատական հանդիպումներ, անոնց ընտանիքներուն հետ հաղորդակցելու կարելիութիւն տրուած է: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ընթացակարգերուն համապատասխան` այցելութիւններուն առնչուած դիտարկումներն ու առաջարկները կը փոխանցուին եւ կը քննարկուին միայն անձերը կալանաւորած կողմին հետ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ