Որոնել

2024.03.06 Sante Perpetua e Felicita Martiri

Կիներու Միջազգային Օրուան առիթով. Հայ կինը եկեղեցական կեանքին մէջ

Հայ կինը իր սեփական յարկէն դուրս իբրեւ յարմարագոյն վայր նկատեց եկեղեցին, որուն պիտի կարենար ծառայել առանց դաւաճանելու տանտիկինի ու մօր կոչումին, նաեւ` օգտակար պիտի ըլլար հոգեւոր կառոյցին:

Պատմութենէն գիտենք, թէ տղամարդու վայելած «Նահապետական բացարձակ տիրական» դերին, այսինքն` «Հայրիշխանութեան» նախորդած է «Մայրիշխանութիւնը»: Կինը` իբրեւ զաւակներ ծնող մայր, ընտանիքի գլխաւոր եւ կարեւոր դէմքն էր, նաեւ` ընտանեկան գործերու ղեկավարը:

Ժամանակներու հոլովոյթի հետ հայ կինը աստիճանաբար կորսնցուց իր իրաւունքները եւ զրկուեցաւ իր առանձնաշնորհումներէն, մատնուեցաւ կախեալ վիճակի ու ընտանիքի մէջ դարձաւ երկրորդ անձ, յատկապէս Արեւելքի մէջ:

Հայ կինը իր սեփական յարկէն դուրս իբրեւ յարմարագոյն վայր նկատեց եկեղեցին, որուն պիտի կարենար ծառայել առանց դաւաճանելու տանտիկինի ու մօր կոչումին, նաեւ` օգտակար պիտի ըլլար հոգեւոր կառոյցին:

Հայ կնոջ այս ծառայութիւնները կը տեսնուին երեք գլխաւոր տարբեր դերերով:

Ա) Կինը` իբրեւ եկեղեցւոյ սպասաւոր:
Բ) Կինը` իբրեւ հոգեւորականի կողակից:
Գ) Կինը` իբրեւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու անդամ:

Անցեալին հայ կինը դպիր եւ կամ սարկաւագի կոչումներով եկեղեցւոյ սպասաւորած է: Կանանց սարկաւագութեան զարգացման ընթացքը կրնանք տեսնել պատմական չորս ժամանակահատուածներու մէջ:

Առաջին Շրջան (4-8-րդ Դար)

Այդ ժամանակներու սկզբնային շրջաններուն շատ հազուագիւտ էր, որ կիներ համարձակէին եկեղեցական արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերել: Հաւանաբար հայ եկեղեցւոյ մէջ կիներու սպասաւորութիւնը եւ սարկաւագութիւնը կը սկսի 8-րդ դարու աւարտին: («Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները», Աբէլ աբեղայ Մանուկեան, 1991, Նիւ Եորք):

Երկրորդ Շրջան (9-10-րդ Դար)

Այս շրջանին  առաջին անգամ «սարկաւագուհի» բառը կը կարդացուի Վենետիկի Մխիթարեան մատենադարանի թիւ 457 Մաշտոցի մէջ, առաջին անգամ կը գրուին գիտելիքներ կին վանականներու ձեռնադրուելու պայմաններուն եւ զգեստաւորումին մասին:

Երրորդ Շրջան (10-12-րդ Դար)

Այս դարուն նախ Կիլիկիոյ, ապա Արեւելեան Հայաստանի մէջ կը սկսի սարկաւագուհիներու վերաբերեալ մատենագրական վկայութիւններ հրատարակուիլ: (Օրինակ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Թուղթ ընդհանրական»-ը, 1184-ին խմբագրուած Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ը եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ):

Չորրորդ Շրջան

Կիներու սարկաւագութեան զարթօնքի շրջանը կը նկատուի 15-րդ դարը. այս շրջանին հասած են շատ մը միաբանուհիներ, որոնցմէ մին է նաեւ քոյր Հռիփսիմէ Թահիրեանց աւագ սարկաւագուհին:

Հոս պէտք է յիշենք նաեւ Պոլսոյ Գալֆայեան կուսանոցը` իր վերջին միաբանուհի-սարկաւագուհիներով, որ հիմնադրուած է 1866-ին` Սրբուհի Նշան Գալֆայեանի (17 փետրուար 1828- 4 յուլիս 1889) կողմէ, վանքի առաջին մեծաւորուհին սարկաւագուհի ձեռնադրուած է 1932-ին Նարոյեան պատրիարքին կողմէ, իսկ քոյր Հռիփսիմէ Սասունեանը (1928-2006), սարկաւագութեան աստիճան ստացած է 1982-ին Շնորք արք. Գալուստեան պատրիարքի ձեռամբ: Քոյր Հռիփսիմէ Սասունեան սարկաւագուհին  հրաւիրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կողմէ, Լիբանան` հոգեւոր կոչումներ ստանալու փափաքը ունեցող հայուհիներ փնտռելու եւ կիներու նոր միաբանութիւններ հիմնելու նպատակով: Ան ներկայ գտնուած է 1991-ին Անթիլիասի մայր տաճարի մէջ կատարուած կրօնաւորութեան  քօղի անդրանիկ տուչութեան` քոյր Քնարիկ Գայփաքեանի («Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիներ», Աբէլ աբեղայ Մանուկեան-1991):

2006 թուականին` Մայր Հռիփսիմէ աւ. սրկ. Սասունեանի մահէն ետք, պոլսահայ համայնքի անդամուհիներէն Գայեանէ Տուլքատուրեան քոյր-դպիր ձեռնադրուելով, քօղ ստացաւ Թուրքիոյ Հայոց օրուան պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին ձեռամբ, իսկ 2014 թուականին ալ կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Արամ արք. Աթէշեան սրբազանին ձեռամբ:

20-րդ դարուն հայ հոգեւոր կեանքին մէջ կիներու հոգեւոր ծառայութեան աւանդութիւնը լուրջ նահանջ մը ապրեցաւ, սակայն այս աւանդոյթը 2018 թուականին Հայաստանի մէջ վերականգնեցաւ Արագածոտնի մարզի Ղազարեան վանքի մէջ: Ըստ «Հաւատք ու կրօն» հաստատութեան տուեալներուն, այժմ վանքին մէջ կ՛ապրին շուրջ 8 միանձուհիներ-մայրապետներ»:

«Միանձնուհիները-մայրապետներ, ունենալով տարբեր մասնագիտական պատրաստուածութիւն, օժտուած են որոշակի շնորհներով եւ իրենց գիտելիքներով ու տաղանդներով կը ծառայեն եկեղեցւոյ եւ կ՛իրագործեն նաեւ վանքերու մէջ տարբեր ծրագիրներ ու ընկերային աշխատանքներ»:

Հայ կինը իբրեւ հոգեւորականի կողակից առաջին հերթին ունի ամուսնոյն զօրավիգ կանգնելու պարտականութիւնը` իր համեստ կենցաղով, այդպիսով ան ձեւով մը անձնապէս մասնակից է եկեղեցաշինութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու համայնքային կեանքի կենսունակութեան աշխատանքներուն:

Հայ կինը եկեղեցւոյ յարակից օժանդակ մարմիններու տարբեր ոլորտներու մէջ եւ նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններու մէջ ալ հանդէս կու գայ իր բազում շնորհներով: Հայ կինը հինէն ի վեր թէ՛ եկեղեցական, եւ թէ աշխարհական հայ կեանքի ապրումներէ ներս միշտ բերած է իր նպաստը:

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 09:27