Խուռներամ բազմութեան ներկայութեան. Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի նշում
Ուրբաթ, 22 մարտին, ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւնն ու «100 բանաստեղծութիւն» հատորի շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին:
Ձեռնարկին բանախօսեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան եւ խօսք առաւ Հայաստանէն այս առիթով Լիբանան ժամանած Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան: Խօսք առին նաեւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին անունով Նանոր Թաշճեան եւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած հայրենի վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Ներկաները դիտեցին Պ. Սեւակի տուն-թանգարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը` բանաստեղծին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի, եռեակ անսամպլը, երաժշտանոցի աշակերտներն ու մեներգող սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:
Պարգեւներ ստացան այս առիթով Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական արտասանական մրցանքի երեք մրցանակակիրները: Դատական կազմին կողմէ արդիւնքները յայտարարեց լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի:
Աւարտին ներկաները նուէր ստացան «100 բանաստեղծութիւն» հատորը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր շքանշանով պատուեց վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան, երկար տարիներ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին հետ համագործակցած Դաւիթ Յակոբեանը:
Ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ