Պոլսոյ մէջ. Յիշատակութիւն՝ երջանկայիշատակ պատրիարք հայրերու
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք, Գարեգին Բ. Պատրիարք եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք, 10 Մարտ 2024, Կիրակի, կատարուած արարողութեանց ընթացքին յիշատակուեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան նախագահեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Թադէոս Ուր. Դպ. Գարափէքմէզի։
Ս. Պատարագի աւարատին քարոզեց Հայր Սուրբը եւ անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան։ Յայտնեց, որ Աստուծոյ հետ կապ հաստատելու լաւագոյն ճամբան է աղօթը։ Քրիստոսի առակէն օրինակ տալով, յիշեցուց որ ամէն աղօթք ընդունելի չի դառնար Աստուծոյ մօտ, քանի սխալ ոճով եւ հոգիով բանաձեւեր ալ գոյութիւն ունին։ Այնուհետեւ հաւատացեալները հրաւիրեց այս միոյն մասին մտածելու եւ ամբողջ էութեամբ Աստուծոյ առջեւ կանգնելու։
Ապա, խօսեցաւ Պոլսոյ երանաշնորհ երեք Պատրիարքներու մասին եւ նշեց որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շրջանին դպած էր ժողովուրդին եւ այս առումով յիշատակութեան արժանի էր։ Սակայն շեշտեց, որ մեր երանաշնորհ Հոգեւոր Պետերը պէտք է յիշել նաեւ իրենց աստուածահաճոյ ծառայութեամբ եւ վառ պահել իրենցմէ փոխանցուած հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները։
Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ յիշատակուեցան Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքները։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Լուսաւորիչ Մանկանց երգչախումբէ մանուկներ։
Այնուհետեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ նաեւ այցելութիւն տուին Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ