Գահիրէի մէջ բանակցութիւնները կանգ առին եւ պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբաթ
Աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման Գահիրէի 5 օրէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները աւարտած են առանց համաձայնութեան գոյացման` նշելով, որ Իսրայէլ մերժած է Համասի մնայուն զինադադարի հաստատման, Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ տեղահանուածներու առանց նախապայմաններու տունդարձի պահանջները:
Միջնորդները փորձած են Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ վիհը կամրջել, սակայն անոնց ջանքերը ձախողած են:
Համաս «Ժազիրա»-ին յայտնած է. «Մեր պատուիրակութիւնը Գահիրէէն մեկնեցաւ ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելու, մինչ բանակցութիւնները, յարձակումի դադրեցման եւ գաղթականներու տունդարձի ջանքերը կը շարունակուին»:
Աղբիւր մը «Գահիրա Իխպարիա»-ին յայտնեց. «Բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ պիտի շարունակուին: Ռամատան ամիսէն առաջ զինադուլի գոյացման շուրջ բոլոր կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին»:
Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի շուրջ պատրաստած են բանաձեւի նոր նախագիծ, որուն բնագիրը կը բովանդակէ Կազայի մէջ 1,5 ամիս ժամկէտով զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման մասին կէտ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ:
«Մենք շրջանառութեան մէջ դրած ենք բանաձեւի նոր նախագիծ մը, որ անվերապահօրէն կ՛աջակցի շուրջ 6 շաբաթով զինադադար հաստատելու եւ բոլոր պատանդները ազատ արձակելու ուղղութեամբ կատարուող դիւանագիտական ջանքերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փաստաթուղթը ուղղուած է Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն աջակցելուն:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ սեղանի վրայ է համաձայնութեան շրջագիծ մը, որ կը ներառէ Կազայի մէջ 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար, որուն ընթացքին բոլոր գերիները փուլ առ փուլ ազատ պիտի արձակուին եւ յաւելեալ օժանդակութիւններ Կազա պիտի հասնին:
Քըրպի նշեց, որ բանակցութիւնները շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին, եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին իրենց գործընկերներուն հետ` մասնաւորաբար Քաթարի, որ «այս հարցին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ»:
«Իսրայէլ բարի կամեցողութեամբ բանակցեցաւ, եւ գնդակը այժմ Համասի դաշտն է: Մենք զայն կը յորդորենք սեղանին վրայ դրուած համաձայնութիւնը ընդունելու», ըսաւ ան:
Քըրպիի համաձայն, ներկայ առաջարկը նախկին զինադադարէն աւելի երկարատեւ է, եւ պիտի արտօնէ աւելցնելու եւ բարելաւելու օժանդակութիւններու հոսքը դէպի Կազա, որ «յուսահատական վիճակի մէջ է»:
«Ասիկա մեզի հոյակապ առիթ կ՛ընծայէ օժանդակութիւնները հասցնելու Կազայի մէջ տառապող շատերու եւ մեզի լայն ժամանակ կ՛ընծայէ տեսնելու, թէ զինադադարը երկարաձգելու առիթ կա՞յ, եւ թերեւս այս տագնապը աւարտելու համար կամ ուղղութեամբ աշխատելու», աւելցուց Քըրպի:
Ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու Իսրայէլի ծրագիրին, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն զօրակցիր Կազայի տարածքի կրճատման, ո՛չ ալ Կազայի բնակչութեան տեղահանման կամ շրջանի վերագրաւման:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը հասկնայ Իսրայէլի` Կազան սպառնալիք ըլլալէ դադրած ըլլալու զգացումը ունենալու իրաւունքը, մանաւանդ որ Համաս սպառնացած է կրկնել 7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ իր հանդիպումի աւարտին մտահոգութիւն յայտնեց մարդասիրական տագնապի մէջ ընկղմած Կազայի մէջ «բարելաւումի» բացակայութեան նկատմամբ:
Քամերոն «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ասիկա պէտք է փոխուի»` նշելով, որ Բրիտանիան «մեծապէս մտահոգուած է Ռաֆահի մէջ զինուորական յարձակում կատարելու հաւանականութեան նկատմամբ»:
«Այսօր Պենի Կանցի հետ հանդիպումիս ընթացքին յստակօրէն նշեցի այն քայլերը, զորս Իսրայէլ պարտաւոր է որդեգրել Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան ծաւալը մեծցնելու համար», յայտնեց Քամերոն:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Պենի Կանցի հետ «դժուար, սակայն անհրաժեշտ» քննարկումներ կատարած է:
«Քննարկեցինք այն ջանքերը, որոնք պէտք է թափել` հասնելու համար մարդասիրական զինադուլի, որպէսզի պատանդները կարենան ապահով կերպով վերադառնալ իրենց տուները, եւ առիթ ընծայուի կենսական կարիքներու ապրանքները փոխադրել Կազա», աւելցուց Քամերոն` Իսրայէլին կոչ ուղղելով «օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնելու»:
«Սքայ Նիուզ», յղում կատարելով իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին, հաղորդեց. «Կանց Ուաշինկթըն իր այցելութեան ընթացքին յստակացուց, որ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութենէն կարելի չէ հրաժարիլ»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Մենք կը զօրակցինք Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի լիարժէք անդամակցութեան, եւ Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք` հրաժարելու ատոր դիմաց արգելքներ դնելէ»:
Ան ըսաւ, որ ուժեղ կերպով կը զօրակցի «պաղեստինցի ժողովուրդի` իր օրինական իրաւունքներու վերատիրացման արդար դատին»:
«Պիտի շարունակենք միջազգային ընտանիքին հետ աշխատիլ խաղաղութեան վերականգնման եւ կեանքերու պաշտպանութեան համար», ըսաւ չինական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Կազայի մէջ քաղաքայիններ սպաննելու համար կարելի չէ որեւէ պատճառ պատրուակել, եւ պէտք է բոլոր կալանաւորուածները ազատ արձակել»:
Սպիտակ տունը «Արապիա»-ին յայտնած է. «Լրջօրէն կ՛աշխատինք Կազայի մէջ կալանաւորուածներու ազատ արձակման գործարքի հասնելու համար»: «Կը շարունակենք Կազայի վրայ օդէն օժանդակութիւններ իջեցնելու գործողութիւնները»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Պայտընի վարչակազմը մտահոգ է Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան ցամաքային որեւէ յարձակումի ընթացքին ամերիկեան զէնքերու օգտագործումով»: «Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլի ղեկավարներուն տեղեկացուց, որ Ռաֆահի մէջ զինուորական քայլերուն չի զօրակցիր», աւելցուց օրաթերթը:
«Աքսիոս» իր կարգին հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը Փենթակոնէն եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն Իսրայէլ ուղարկուող զէնքերու ցուցակը պահանջած է:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլ քաղաքայիններուն Կազայի հիւսիս վերադարձը չ՛ուզեր, որովհետեւ Համաս կը շարունակէ այդտեղ մարտիկներ ունենալ»:
Եւրոպական Միութիւնը Իսրայէլին կոչ ուղղեց` Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերը ընդլայնելու իր ծրագիրէն ետդարձ կատարելու` նշելով, որ այդ որոշումը ապօրինի է եւ կը վտանգէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման երկու պետութիւններու ստեղծման սկզբունքը:
Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Այսրյորդանանի մէջ 3426 բնակարան կառուցելու իսրայէլեան որոշումը` ընդգծելով, որ այդ որոշումը ամբողջովին կը հակասէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ընթացող ջանքերուն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ