Որոնել

2019.03.11 guerra, armi, militare, soldato, proiettile

Ֆինանսներ եւ զէնքեր, մէկ թրիլիոն տոլարի մրցանիշ՝ ռազմական արդիւնաբերութեանն աջակցելու համար

Հրապարակուած է «Արժէքներու վրայ հիմնուած դրամատնային ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի» զեկոյցը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Պատերազմը պիտի սնուցանէ ինքզինք»։ Հռոմէացի պատմաբան Թիթօ Լիվիոյին այս արտայայտութիւնը արդիական է յատկապէս այսօր, դարաշրջան մը, երբ աշխարհի մէջ պատերազմներու տարածումը կը հրահրէ ռազմական ծախսերու աճի անխուսափելի թուացող պարոյրը: Մտահոգիչ միտում, որ 2023 թուականին հասած է նոր մրցանիշներու եւ սերտօրէն կը վերաբերի ֆինանսական աշխարհին. գրեթէ մէկ թրիլիոն (959 միլիարդ) տոլար երկու տարուայ ընթացքին ծախսուած է համաշխարհային ֆինանսական հաստատութիւններու կողմէ՝ աջակցելու զէնքի արտադրութեանն ու առեւտուրին։

Այդ մասին 28 Փետրուարին բարձրաձայնած է «Արժէքներու վրայ հիմնուած դրամատնային ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինք - Global Alliance for Banking on Values»ը՝ 71 «բարոյագիտական» դրամատուներու ընդհանուր դաշինքը որ առաջին անգամ իրենց ժողովը գումարած են Իտալիոյ մէջ՝ Փետրուար 26-28ին Միլանի մէջ:

Ներդրումներու կէսէն աւելին՝ շուրջ 500 միլիարդ տոլարը ԱՄՆ կողմէ

32 էջնոց զեկոյցի նախաբանին մէջ կը կարդանք․ «Դրամատուները եւ ֆինանսական ոլորտը պարզապէս դրամի միջնորդներ չեն, այլ փոփոխութիւներն ազդարարող կարեւոր գործօններ»։ Պատերազմի արդիւնաբերութեան ընդհանուր կէսէն աւելին՝ շուրջ 500 միլիարդ տոլարը, կը ներդրուի ԱՄՆ 12 ֆինանսական հաստատութիւններու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ «Vanguard» խումբի՝ 92 միլիարդ տոլար:

Եւրոպական խոշորագոյն 15 դրամատուներու կողմէ զէնք արտադրող ընկերութիւններու ներդրումները կը կազմեն շուրջ 87,72 միլիարդ եւրօ։ Այդ միտումը չէ տարբերիր ասիական ներդրումներէն։

Համաձայն մէկ այլ հետաքրքրական տուեալի՝ պատերազմի արդիւնաբերութիւնը խթանող 100 լաւագոյն ֆինանսական հաստատութիւններու մէջ տեղ չեն գտած Ափրիկայէն կամ Լատին Ամերիկայէն ներդրողները:

Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլ-ՀԱՄԱԱ հակամարտութիւնները՝ պատճառ ռազմական ծախսերու կտրուկ աճին

2023ին պաշտպանական ծախսերը նոր մրցանիշ արձանագրած են. աշխարհի մէջ ծախսուած է 2․240 միլիարդ տոլար՝ նախորդ հետազօտութեան համեմատ աճելով 9 առ հարիւրով (համաշխարհային ՀՆԱի 2,2 առ հարիւրին)։

Զէնք արտադրող ընկերութիւններու բաժնետոմսերու արժէքի կտրուկ բարձրացումին պատճառը` 2022 թուականի Փետրուարին Ուքրանիոյ պատերազմի բռնկումն է։ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍի միջեւ 2023 թուականի Հոկտեմբերին սկսած հակամարտութեան ծիրէն ներս, այդ միտումը վիճակուած է աճիլ շատ կարճ հեռանկարի մէջ: 2024 թուականի սկիզբէն ի վեր ամենաշատ առաջընթաց գրանցած տաս զինամթերք արտադրող ընկերութիւններու մէջ են՝ գերմանական «Rheinmetall» եւ նորվեկական «Kongsberg» ընկերութիւնները:

Բարոյագիտական դրամատուները հակառակ ուղղութեամբ կը շարժին

Բարոյագիտական դրամատուները սակայն հակառակ ուղղութեամբ կը շարժին։ Իտալիոյ մէջ կայացած այս հանդիպումի ընթացքին դրամատուներու այդ միութիւնը ընդունած է «Յայտարարութիւն» որ կը դատապարտէ բոլոր պատերազմները եւ կը պահանջէ «գլխաւոր» ֆինանսական հաստատութիւններէն փոխել միտումը եւ ներդրումներ կատարել խաղաղութեան ֆինանսաւորման մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2024, 12:01