Որոնել

2024.03.23 Incontro ecumenica a Antelias - Aram I

Միջ-եկեղեցական հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50 ամեակին առիթով եւ հիւրընկալութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50 ամեակին առիթով եւ հիւրընկալութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-եկեղեցական յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ պատուոյ հիւր ունենալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Ընդհանուր Քարտուղար պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, որ ներկայացուց հանդիպման նպատակը: Ապա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս գլխաւոր բանախօսութիւնը տուաւ, որմէ ետք պատուելի դոտկ. Փիլէյ ներկայացուց Ե.Հ.Խ.ի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Բանախօսութիւններուն յաջորդեցին քննարկումներ, իսկ փակման խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Ընդհանուր Քարտուղար դոկտ. Միշել Ապս։

Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ, Ե.Հ.Խ.ի Միջին Արեւելքի ծրագիրներու պատասխանատու Գարլա Խիժոյեան, զանազան համալսարաններու դասախօսներ, Լիբանանի մէջ գործող միջ-եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Ե.Հ.Խ.ի տարբեր յանձնախումբերու մէջ գործող անդամներ, ինչպէս նաեւ օրուան հանդիպման կազմակերպիչ եւ Մ.Ա.Ե.Խ.ի փոխ Ընդհանուր Քարտուղար Սեդա Խտըշեան: Քննարկման նիստին մասնակիցները իրենց տեսակէտները փոխանցեցին եւ հարցումներ ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին ու Ընդհանուր Քարտուղարին։

Վեհափառ Հայրապետը, մեկնելով միջ-եկեղեցական շարժումին իր տասնամեակներու հարուստ փորձառութենէն, համապարփակ ակնարկ մը նետեց միջ-եկեղեցական շարժումին զարգացման եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու եզրափակեց իր թելադրութիւններով։ Հայրապետը հինգ կէտերով ընդգծեց այն գլխաւոր տարածքները, որոնց մէջ հարկ է ծաւալել միջ-եկեղեցական շարժման գործունէութիւնը։ Այս ծիրին մէջ ան կարեւորեց ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական իրականութիւններու քննական ըմբռնումը, որ հնարաւոր կը դարձնէ անարդարութիւնները աւելի լաւ տեսնելն ու վերլուծելը (conscientization) եւ հարցերը իրենց համածիրին մէջ քննելը (contextualization)։ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու միութեան եւ աղբիւրներու փոխանակման կարեւորութիւնը, որմէ ետք անդրադարձաւ Արեւելքի եկեղեցիներուն իւրայատուկ դրուածքին։ Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Արեւելքը քրիստոնէութեան բնօրրանն է, հետեւաբար քրիստոնեաները կարելի չէ պոկել իրենց հողերէն՝ հակառակ բազմաթիւ առկայ դժուարութիւններուն։

Հայրապետին բանախօսութենէն ետք խօսք առաւ դոկտ. Փիլէյ, որ անդրադարձաւ Ե.Հ.Խ.ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծումներու որոնման աշխատանքին։ Ան բացատրեց վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Ե.Հ.Խ.ին որդեգրած ուղղութիւնը՝ ուխտագնացութիւնը, որ տարբեր մարդոց միասին ուղեւորութիւն կ՚ենթադրէ։ Այս ըսելով՝ ան վստահեցուց, որ թէկուզ համաշխարհային ներկայ հակամարտութիւնները եւ պատերազմները մէկ կողմէ եւ շատ մը հարցերու շուրջ եկեղեցիներու տարակարծութիւնները միւս կողմէ կը դժուարացնեն խաղաղութեան հասնիլը եւ եկեղեցիներու միութիւնը ապահովելը, այնուամենայնիւ Ե.Հ.Խ.ը կ՚աշխատի ի նպաստ ընկերակցութեան եւ երկխօսութեան եւ յայտնեց, որ իրողութիւնը մեզի կը պարտադրէ տեղական հակամարտութիւններու վերլուծումը չանջատել համաշխարհային շրջագիծէն։ Դոկտ. Փիլէյ հիմնականօրէն ընդգծեց երկխօսութեան միջոցով տարբեր կողմեր մէկ սեղանի շուրջ բերելու Ե.Հ.Խ.ի առաքելութիւնը՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար։ Բանախօսը մանրամասն կերպով բացատրեց նաեւ Ե.Հ.Խ.ի իւրաքանչիւր յանձնախումբի առաքելութիւնը՝ ապագաղութատիրութեան, կանանց անհաւասարութեան, սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, բնիկներու իրաւունքներու, կլիմայի արդարութեան եւ այլ հրատապ հարցերու լուծումներու որոնման համար։

Լայն քննարկման նիստին յաջորդեց Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր քարտուղարին փակման խօսքը, որ իր կարգին բարձրաձայնեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն եւ Մ.Ա.Ե.Խ.ի տարած աշխատանքին մասին։

Դպրեվանքի սաներու առաջնորդութեամբ եւ երգեցողութեամբ՝ ներկաները էքիւմէնիք աղօթքով եզրափակեցին երեկոն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2024, 10:58