Որոնել

2024.03.13Il protagonista armeno del documentario The Last Repair Shop vincitore dell'Oscar

«Օսքար»ի Արժանացած Ֆիլմին Հայ Հերոսը Կը Պատմէ Պաքուի Ջարդերէն Իր

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան մրցանակի արժանացաւ The Last Repair Shop ֆիլմը, լաւագոյն վաւերագրական կարճ ֆիլմի դասակարգին մէջ։

Ֆիլմին հերոսներէն մէկը արհեստանոցի ղեկավար Սթիւ Բակմանեանն է, որ դաշնամուր կը վերանորոգէ։ Ան կը պատմէ Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն եւ իր փախուստին մասին:

«Ես փոքր հայ տղայ մըն էի, կ՛ապրէի Պաքու։ Ծնողքս չէր կրնար պատկերացնել, որ կրնայ որեւէ գէշ բան պատահիլ, որովհետեւ մենք ունէինք ընկերներ, դրացիներ, որոնց հետ կողք-կողքի ապրած էինք այդքան տարիներ: Եւ ո՛չ ոք կը մտածէր, որ պատերազմ կը սկսի: 1986-1987ին սկսան բոլոր հայերը վռնտել Պաքուէն: Օր ըստ օրէ կեանքը կը դժուարանար: Մենք կը հաւաքուէինք միասին դուրսը, մեր շէնքերուն մօտ, խարոյկ կը վառէինք եւ ամբողջ գիշերը կը հսկէինք մեր տուներուն եւ տնեցիներուն վրայ։ Սակայն, հետզհետէ մեր թիւը աւելի կը պակսէր, որովհետեւ մարդիկ կը վախնային եւ կը մեկնէին: Հայրս լաւատես էր՝ կ՛ըսէր. «Սթիւ, ես ո՛չ մէկ տեղ կ՛երթամ, ես ոեւէ մէկուն վնաս չեմ հասցուցած: Մենք կ՛ապրինք Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մեր կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ այդպիսի բան պատահի»: Ան խելացի էր, բայց սխալեցաւ: Իր աշխատատեղիին մէջ, մէկը ետեւէն մօտեցաւ եւ սպաննեց զինք: Ես քսան տարեկան էի, պէտք էր մօրս հետ մեկնէի այդտեղէն: Հետեւաբար, ուղղակի փակեցինք դուռը, ամէն ինչ ձգեցինք հոն: Օդակայան հասնիլը դիւրին չէր, որովհետեւ հայու տեսք ունէինք եւ մարդիկ կրնային փողոցը մեզ կեցնել ու վնաս հասցնել: Բայց իմ ատրպէյճանցի ընկերները մեզ հասցուցին օդակայան», կը պատմէ ան։

Այնուհետեւ ան կը խօսի Ամերիկա փոխադրուելնուն մասին:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 09:13