Որոնել

Ուաշինկթըն` Քափիթոլ Հիլ Ուաշինկթըն` Քափիթոլ Հիլ  (AFP or licensors)

Թրամփ եւ Պայտըն նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթական. Անոնք պիտի առաջադրուին նախագահի թեկնածու

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբեր 2024-ին:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յաղթած են հանրապետականներու եւ դեմոկրատականներու նախնական ընտրութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Անոնք յառաջիկային իրենց կուսակցութիւններուն կողմէ պաշտօնապէս պիտի առաջադրուին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Պայտընի իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրումը ձեւական բնոյթ կը կրէր, որովհետեւ երբ երկրի գործող նախագահը կ՛որոշէ երկրորդ նստաշրջանի համար առաջադրուիլ, իբրեւ կանոն, կուսակցութեան մէջ լուրջ մրցակցութիւն չ՛ունենար:

Մինչդեռ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ առաջադրման համար պայքարը բաւական լուրջ էր, թէեւ Թրամփ քարոզարշաւի ճիշդ սկիզբէն ունէր հսկայական առաւելութիւն: Անոր ամէնէն լուրջ մրցակիցը ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքի Հէյլին էր, որ նախնական ընտրութիւններուն պարտուած էր:

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբեր 2024-ին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 08:25