Որոնել

Fishermen feel effects of drought in Zimbabwe

ԱՓՐԻԿԷ, ԵՈՒՆԻՍԵՖ, Էլ Նինյոյի հետեւանքներէն կը տուժեն 45 միլիոն մանուկներ

2023-24 թուականներուն տաք հոսանքներ յառաջացնող այսպէս կոչուած Էլ Նինյօ կլիմայական երեւոյթը առաւել կը վատթարացնէ արդեն իսկ դժուար պայմաններու մէջ գտնոող Ափրիկեան ցամաքամասը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2023-24 թուականներուն Էլ Նինյոն՝ երբեւէ գրանցուած կլիմայական ամենաուժեղ երեւոյթներէն մին, առ աւելիով կը սրի իրավիճակը, արդեն իսկ դժուարին պայմաններ ապրող՝ Արեւելեան եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, առաջացնելով երաշտներ եւ անկանոն տեղումներ՝ ազդելով գիւղատնտեսական արտադրութեան եւ համաճարակներու տարածման ու վատթարացման վրայ, որոնցմէ կը տուժեն 45 միլիոն մանուկներ։

Մասնաւորապէս․

Մալավիի մէջ գալիք հանգստեան օրերուն արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է Երկրի 28 շրջաններէն 23ին մէջ «Էլ Նինյոյի» պատճառաւ;

Հարաւային Սուտանի մէջ ծայրայեղ շոգի պատճառաւ իշխանութիւնները նախորդ օրերուն հրամայած էին երկու շաբաթով դպրոցները փակել։ 2,2 միլիոն աշակերտ ստիպուած եղած են տունը մնալ, ուր ջերմաստիճանը հասած է մինչեւ 45 աստիճան:

Զամպիայի մէջ կառավարութիւնը վերջերս ազգային արտակարգ դրութիւն յայտարարած է երաշտի պատճառաւ, որմէ տուժած են 6,5 միլիոն անձեր՝ որոնցմէ 3 միլիոնը մանուկներ;

Զիմպապուէի մէջ այլեւս սովորական են երկարատեւ երաշտները եւ անոր յառաջացուցած վնասները;

Մատակասկարի մէջ նախատեսուող սահմանափակ տեղումները չեղարկած են 2023 թուականի սահմանային ձեռքբերումները՝ ստեղծելով մարդասիրական նոր ճգնաժամի վտանգ:

Երկարատեւ ջերմային ալիքներու յառաջացուցած երաշտի եւ յորդառատ անձրեւներներու վերոնշեալ օրինակները կը տարածուին Արեւելեան եւ Հարաւային Ափրիկէի շարք մը Երկիրներուն վրայ եւս՝ ներառեալ Եթովպիան, Քենիան եւ Սոմալիան:

Այդ է պատճառը, որ 25 մարտ 2024 թուականին ԵՈՒՆԻՍԵՖը ահազանգած է խոցելի համայնքներու առջեւ ծառացած սարսափելի իրավիճակի մասին, որոնք ամէնէ շատը կը կրեն կլիմայական փոփոխութիւններու բեռը: Խօսքը յատկապէս տարածաշրջանի 45 միլիոն մանուկներուն կը հայի, որոնք կը դիմագրաւեն շարք մը ճգնաժամեր, օրինակ տարբեր համաճարակները եւ թեր սնուցումը, որ նաեւ հետեւանք է երկարատեւ երաշտի եւ ջրհեղեղներու՝ գիւղատնտեսութեանը պատճառած վնասներուն ։

Կը տուժէ նաեւ կրթութիւնը եւ գիտելիքներու ձեռքբերումը, քանի որ վերոնշեալ աղէտներու պատճառով յաճախակի կը փակուին դպրոցները։

Կազմակերպութիւնը աշխոյժ կերպով կ’աշխատի՝ ի պաշտպանութիւն երեխաներուն՝ տարբեր նախատեսուած ծրագիրներու եւ ծառայութիւններու միջոցաւ, որոնց նպատակն է ապահովել սնունդ խիստ թերսնուած երեխաներուն եւ խնամքի ծառայութիւններ՝ յղի կիներուն եւ կրծքով կերակրող կանանց, կառուցել դպրոցական այնպիսի համակարգեր, որոնք կարողանան ապահովել ուսուցման շարունակականութիւնը ճգնաժամերու պարագային եւ անորմէ ետք, նաեւ հեռավար ուսուցման, թուային եւ այլ եղանակներով , զարգացնել եւ համապատասխանեցնել առողջապահական համակարգերը, աշխատիլ համայնքներու հետ՝ ապահովելու տեղեկատւութեան եւ աջակցութեան հասանելիութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 12:10