Որոնել

2024.03.11 LA VIOLINISTA ANAHID ADJEMIAN COMPIE 100 ANNI

Ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեանի 100 ամեակը

Անահիտ Աճէմեան աւարտած է Նիւ Եորքի «Ճուլիարտ» երաժշտանոցը: Անոր երաժշտութեան ուսուցիչը եղած է պելճիքացի ջութակահար Էտուարտ Տեթիէրին։

Լրացաւ անուանի հայ ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեանի ծննդեան 100ամեակը: Նշանաւոր Աճէմեան երաժիշտ քոյրերէն պզտիկն է Անահիտ Աճէմեան, որ համաշխարհային փառքի արժանացած է իր դաշնակահարուհի քրոջ հետ եւ ամուր տեղ գրաւած՝ 20րդ դարու լարային արուեստի պատմութեան մէջ:

Աճէմեան քոյրերուն մասին հայկական մամուլին մէջ քիչ նիւթ կայ․ փոխարէնը՝ ամերիկեան եւ եւրոպական մամուլը յօդուածներ տպագրած են անոնց մասին՝ միշտ գնահատելով քոյրերը թէ՛ իբրեւ երաժշտական զոյգ մը, թէ՛ ամէն մէկուն զատ-զատ, իբրեւ անհատականութիւն: Հայութեան համար, Մարօ եւ Անահիտ Աճէմեաններ յայտնի եղած են մանաւանդ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները աշխարհին ներկայացնելու իրենց անուրաց առաքելութեամբ, սակայն յստակ է, որ միայն այդ չէ եղած անոնց երաժշտական դաւանումը:

Քոյրերուն մասին գրուած յօդուածներէն մէկը՝ «Նիւ Եորք Թայզմ»ի մէջ տպագրուած է 2016ին՝ Անահիտ Աճէմեանի մահուան առթիւ: Ջութակահարուհին մահացած է Նիւ Եորք՝ 92 տարեկանին, իսկ իր քոյրը՝ Մարօ Աճէմեան, կեանքէն հեռացած է աւելի վաղ՝ 57 տարեկանին, սիրտի անբաւարարութենէն:

Մարօ Աճէմեան Ժընեւ ծնած է՝ 1921ին (որոշ տուեալներով 1922ին), յետոյ Աճէմեանները տեղափոխուած են Նիւ Եորք, ուր 1924ին ծնած է Անահիտը: Անոնց մայրը՝ Սիրուն Երկանեան, նոյնպէս երաժիշտ եղած է, դաշնամուր նուագած է, իսկ հայրը՝ Լեւոն ԱՃէմեան, ներգաղթեալ բժիշկ մը, որ Պիլեճիք քաղաքը ծնած է եւ յետոյ Եւրոպայով անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ բժշկական երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած է:

Լեւոն Աճէմեանն ու կինը՝ Սիրունը, 1950ին զոհ կ՛երթան օդանաւի արկածի մը՝ Միշիկընի մէջ, երբ մարդատար օդանաւը կը խորտակուի Միշիկըն լիճին մէջ: Սարսափելի այդ արկածէն ոչ ոք կը փրկուի: Աճէմեան քոյրերը ծանր կը տանին սիրելի ծնողքին կորուստը եւ իրենց ամբողջ գործունէութիւնը կը նուիրեն անոնց յիշատակին:

Մինչ այդ․ Լեւոն Աճէմեան եւ տիկինը հասցուցած էին երաժշտական լաւագոյն կրթութիւն տալ աղջիկներուն եւ նոյնիսկ վայելել անոնց յաջողութեան առաջին պտուղները:

Անահիտ Աճէմեան աւարտած է Նիւ Եորքի «Ճուլիարտ» երաժշտանոցը: Անոր երաժշտութեան ուսուցիչը եղած է պելճիքացի ջութակահար Էտուարտ Տեթիէրին։

1946ին մասնակցած է «Ուոլթըր Նաումպըրկ» հիմնարկութեան կազմակերպած մրցոյթին եւ շահած մրցանակը: Նոյն թուականի Նոյեմբերի 19ին, Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին մէջ իր առաջին ելոյթը մեծ գնահատանքի արժանացած է, եւ «Մատմուազէլ» ամսագիրը իրեն շնորհած է «Նշանակալի Ձեռքբերում» շքանշանը՝ հռչակելով անոր երաժշտութեան բնագաւառին մէջ «Տարուան Երիտասարդ Կինը»:

Քոյրը՝ Մարօ Աճէմեան, նոյնպէս ուսանած է «Ճուլիարտ» երաժշտանոցին մէջ, ուր յետագային կը հիմնուի իր անունով կրթաթոշակ: Քոյրերը համատեղ բազմաթիւ համերգներ տուած են, ելոյթներով շրջած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Եւրոպայի շարք մը քաղաքներու մէջ:

Անահիտ Աճէմեան 1940ականներուն Նիւ Եորքի մէջ «Հայ երաժշտութեան բարեկամներ» յանձնախումբի համահիմնադիրներէն էր: Այնուհետեւ, 1960ականականներուն ջութակահար Մեթիու Ռայմիտի հետ հիմնած է Երգահաններու լարային քառեակը, որ կարճ ժամանակուան ընթացքին միջազգայնօրէն ճանչցուած է, շրջելով մօտաւորապէս 26 երկիրներ. ինչպէս՝ Խորհրդային Միութիւն, Հնդկաստան, Ճափոն, Աւստրալիա, Ափրիկէ, Չինաստան։ Լարային քառեակի հիմնադրումին զուգահեռ ան նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է որպէս մենակատար: Քննադատներու կողմէ գնահատուած իր նուագի զգայունութեան, քնարականութեան եւ հնչերանգային վերահսկման համար․ ան լայն լսարանին անուանի երաժշտահաններու երաժշտութիւնը մատուցելու արհեստավարժութեամբ ճանչցուած է: Այդ երաժշտահաններու մէջ էր նաեւ իր տաղանդաւոր մէկ հայրենակիցը՝ ամերիկահայ երաժշտագէտ, երաժշտահան Ալան Յովհաննէս, որուն հետ նաեւ գործակցութիւն ունեցած է:

Միաժամանակ, Անահիտ Աճէմեան երկար ժամանակ եղած է «Քոլոմպիա» համալսարանի երաժշտական բաժանմունքի կազմակերպած մրցումներուն յանձնախումբի անդամ ։ Ջութակահարուհին իր կողքին իբրեւ քաջալերող ունէր ոչ միայն քոյրը, ժամանակի նշանաւոր արուեստագէտները, վերջապէս հայ համայնքը, այլեւ՝ ամուսինը՝ ամերիկահայ նշանաւոր գործիչ Ճորճ Աւագեանը: Վերջինս նոյնպէս կը գործէր երաժշտական ասպարէզէն ներս եւ եղած է Տէյվ Պրուպէքի, Լուի Արմսթրոնկի, Մայլզ Տէյվիսի եւ շատ այլ երաժիշտներու ստեղծագործական արտադրիչը: Ճորճ Աւագեան պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ յօրինող, գիւտարար: Ան է, որ թողարկած է աշխարհի մէջ առաջին ձայնապնակները եւ իբրեւ նորարարութիւն առաջին անգամ ան կիրարկած է կենդանի ձայնագրութիւնը: Աւագեան նաեւ դասախօս էր «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ, վարած է ճազի պատմութեան դասընթացքներ եւ իր երաժշտական գործունէութեան համար արժանացած է «Կրեմի» մրցանակին։ Ձայնագրութեան ընկերութիւններուն հետ Ճորճ Աւագեան գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ Արմսթրոնկի, Պէննի Կուտմընի, Պիլ Հէյլիի լաւագոյն ալպոմները ինք ձայնագրած է «Քոլոմպիա» ձայնագրման ընկերութեան մէջ: 1939ին Ճորճ Աւագեան Շիքակոյի մէջ թողարկած է իր ճազային մեղեդիներու ձայնապնակը, իսկ Նիւ Եորքի մէջ հիմնած եւ նախագահած է «Աւագեան Քօ» ընկերութիւնը, որ մասնաճիւղեր ունէր Փարիզի, Պրիւքսէլի եւ Թեհրանի մէջ։ 1957ին Ճորճ Աւագեան դարձած է Միացեալ Նահանգներու ձայնագրման արուեստի ազգային ակադեմիայի նախագահութեան անդամ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը մեծարուած իբրեւ ամերիկեան ճազի մեծագոյն հեղինակութիւններէն մէկը: Կեանքէն հեռացած է իր կնոջ մահէն մէկ տարի յետոյ՝ 98 տարեկանին:

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2024, 09:30