Որոնել

Զուած զինուորներու ընտանիքներուն հաւաք Զուած զինուորներու ընտանիքներուն հաւաք 

Ազատութեան հրապարակին վրայ. Արցախցիները հաւաքական վերադարձ կը պահանջեն

Տեղահանուած արցախցիները շեշտեցին, որ պատրաստ են վերադարձի, սակայն, միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեամբ:

Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ երէկ հաւաքուած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ` իրենց առաջարկներն ու պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան: Գլխաւոր պահանջը հաւաքական վերադարձն է հայրենիք: Անոնք պնդեցին, որ իշխանութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն նաեւ իրենց վերադարձի հարցը բարձրացնէ:

Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան անդամ, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ միայն միջազգային բարձր երաշխիքներու պայմաններուն մէջ:

«Իմ պատկերացումս այն է, որ պէտք է բացառել ուղղակի ազրպէյճանական որեւէ տիրապետութիւն, որովհետեւ այդ տիրապետութիւնը ցեղասպանական տիրապետութիւն է, ու պէտք է ըլլան միջազգային պաշտպանութեան բարձրագոյն մեքանիզմներ, ըստ կարելւոյն միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ ըլլան, ու մենք այնտեղ կարենանք ինքնիշխան կեանք վարել», ըսաւ Բեգլարեան:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նշեց. «Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ ձեւաւորուած է յանձնախումբ, որ տարբեր միջազգային դերակատարներու հետ պէտք է քննարկէ այն պայմանները, որոնց ներքեւ մենք կը տեսնենք վերադարձի տեսլականը: Այս պահուն իրատեսական նկատել մեր պահանջներուն ներքեւ այնտեղ վերադարձը ես չեմ տեսներ, բայց միեւնույն ժամանակ վստահ եմ, որ մենք իրաւունք չունինք նիւթը փակելու կամ թոյլ տալու, որ միջազգային դերակատարները փակեն այդ նիւթը»:

Տեղահանուած արցախցիները շեշտեցին, որ պատրաստ են վերադարձի, սակայն, միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2024, 08:40