Որոնել

2019.07.17 Tribunale Corte penale internazionale sede L'Aia

Միջազգային Քրէական Դատարանը կրնայ Հայերուն դէմ ցեղասպանութեան համար հետաքննութեան ենթարկել Ալիեւը

«Ցաւօք սրտի, համաշխարհային հանրութիւնը մեծ մասամբ անտեսած է պատերազմական այս յանցագործութիւնը, Ցեղասպանութեան մասին ուխտի 2-րդ յօդուածի «Գ» կէտին համաձայն ցեղասպանութեան յստակ դէպքը, ուստի ժամանակն է, որ միջազգային իրաւական համակարգը անդրադառնայ աշխարհակարգի այս անկման», ըսած է Օքամփօ ներկայացման մասին:

Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը կը միջնորդէ Միջազգային քրէական դատարանին նախնական քննութիւն սկսելու հայկական տարածքին մէջ ապօրինի բռնագրաւման ներքեւ գտնուող ազգութեամբ հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող ցեղասպանութեան վերաբերեալ, 12 մայիս 2021-էն: Ներկայացումը կը ներառէ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնին կողմէ հաւաքուած եւ արձանագրուած վկայական ապացոյցներու հասանելիութիւնը, որոնք կը հաստատեն ցեղասպանութեան ենթադրեալ քաղաքականութիւնը, որ կը ծրագրուի, կը հրահրուի եւ կ՛իրականացուի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, ներառեալ նաեւ ազրպէյճանական խորհրդարանը:

Ստորագրահաւաքը կ՛ուրուագծէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ նախագահ Ալիեւի գլխաւորութեամբ իրականացուած վայրագութիւններու մեծ տեսականի` կամայական կալանաւորում, սեռային բռնութիւն, ազգութեամբ հայ գերիներու խոշտանգումներու եւ արտադատական մահապատիժներու առնուազն 350 փաստագրուած դէպքեր:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հասարակական կազմակերպութեան միջնորդագիրը, որ նուիրուած է Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմական յանցագործութիւններու փաստագրման, Միջազգային քրէական դատարանէն կը պահանջէ նախնական քննութիւն` գնահատելու համար, թէ արդեօք ողջմիտ հիմք կա՞յ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ միւսներուն նկատմամբ, որոնք կը մեղադրուին ծրագրաւորելու մէջ` հրահրելով, պատուիրելով եւ իրականացնելով հայերուն դէմ ցեղասպանութեան պետական քաղաքականութիւն:

Սա առաջին դէպքն է, երբ որեւէ կառոյց գործ կը յարուցէ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ հայերու ցեղասպանութեան համար, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ ապրիլ 24-ին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակաշրջանի Ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումէն օրեր առաջ, Ցեղասպանութիւն, որուն ժամանակ օսմանցիները սպաննեցին 1,5 միլիոն հայեր:

«Սա զգացական ծանր պահ է, քանի որ մենք երբեք չենք մտածած, որ մեր ժողովուրդին դէմ երկրորդ ցեղասպանութիւնը տեղի պիտի ունենայ մեր կեանքի ընթացքին», ըսաւ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն դատարանի դատաւոր եւ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնի խորհրդական հայազգի Կասիա Աբգարեան` աւելցնելով. «Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է յստակ ուղերձ յղէ, որ նման յանցագործութիւններուն համար անպատժելիութիւն պիտի չըլլայ, եւ ցեղասպանութեան համար պատասխանատուները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին»:

Հայցադիմումը կը մանրամասնէ ազգութեամբ հայերը արմատախիլ ընելու ազրպէյճանական միտումնաւոր ռազմավարութիւնը, ինչպէս ինքնիշխան հայկական տարածքին վրայ յարձակումներու, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի (նաեւ յայտնի է իբրեւ Արցախ) վիճելի անքլաւի դէմ գործողութիւններուն մէջ. վերջինս շրջափակման մէջ կը գտնուէր Ազրպէյճանի կողմէ 2022 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 19-20 սեպտեմբեր 2023-ին կատարուած յարձակումը, որուն պատճառով 150.000 բնակչութիւնը փախած է Հայաստան: Բոլոր պարագաներուն Ազրպէյճանը կիրարկած է արդիական սպառազինութիւն խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու համար:

Այդ շրջափակումը նկարագրուած է իբրեւ ցեղասպանութեան փորձ 2023 թուականի օգոստոսին Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկուցումին մէջ. այս դիրքորոշումը այն ժամանակէն ի վեր պաշտպանուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ իր նախնական որոշումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային յառաջատար փորձագէտներու եւ իրաւաբաններու կողմէ: Անցեալ աշնան տեղի ունեցած գաղթը նորագոյն պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկն էր:

«Ցաւօք սրտի, համաշխարհային հանրութիւնը մեծ մասամբ անտեսած է պատերազմական այս յանցագործութիւնը, Ցեղասպանութեան մասին ուխտի 2-րդ յօդուածի «Գ» կէտին համաձայն ցեղասպանութեան յստակ դէպքը, ուստի ժամանակն է, որ միջազգային իրաւական համակարգը անդրադառնայ աշխարհակարգի այս անկման», ըսած է Օքամփօ ներկայացման մասին:

Բացի Ալիեւէն, հայցադիմումը ուղղուած է անձամբ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին եւ սպայակոյտի պետ Քարիմ Վալիեւին ենթադրեալ պետական քաղաքականութեան մէջ իրենց դերին համար, ներառեալ բռնագրաւուած տարածքներէն հայերը բռնի հեռացնելը, խաղաղ բնակիչներու եւ ռազմագերիներու հետեւողական սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ատելութեան խօսքը, որ կ՛ապամարդկայնացնէ  հայերը:

Ալիեւի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք կը փառաբանեն հայերու հեռացումն ու ոչնչացումը, հետագային ցոյց կու տան ցեղասպանութեան մտադրութիւնը, կը պնդէ խնդրագիրը: Ալիեւը բացայայտօրէն հայերը անուանած է «առնէտներ», «շուներ», «սատանաներ», «բարբարոսներ» եւ «ժահր», իսկ քանի մը տարի առաջ ան յայտարարած է, որ անոնք «ո՛չ խիղճ ունին, ո՛չ ալ բարոյականութիւն: Անոնք նոյնիսկ ուղեղ չունին»: Ինք` Ալիեւը, ըսած է, որ Պաքուի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նշէին Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու բռնի տեղահանումը:

Աւելի՛ն, 2021 թուականի մայիսէն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ապօրինի ռազմական արշաւի սկսած են, որուն նպատակն է բռնակցել մօտ 200 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: Հայաստանի Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Տաւուշի եւ Արարատի մարզերէն:

Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնին կողմէ հաւաքուած ապացոյցներու թղթածրարը կը պարունակէ զոհերու ներկայացուցիչներու եւ վկաներու աւելի քան 530 ցուցմունքներ, որոնք կը մանրամասնեն վայրագութիւնները, ռազմական յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը: Կան վկայութիւններ հայ կիներու նկատմամբ իրականացուած համատարած վայրագութիւններու մասին, ներառեալ անդամահատումը եւ սեռային բռնութիւնը` իբրեւ ահաբեկչութեան եւ հպատակեցնելու համակարգուած արշաւի մաս` հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու նպատակով: Աւելի քան 1500 ապացոյցներ, որոնք կ՛արտացոլեն ցեղասպանութիւն իրականացնելու մտադրութիւնը: Հետազօտութիւնն ու հարցազրոյցները իրականացուցած են 121 վերապատրաստուած իրաւաբաններ եւ իրաւաբան ուսանողներ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Լա Հէյի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ Լալա Աբգարեանը, որուն քոյրը` Գայիանէն, սպաննուած է է 2022 թուականին ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ` ենթարկուելով լայնածաւալ բռնութիւններու եւ խեղումներու, որոնք այնուհետեւ արձանագրուած եւ հերոսացուած են առցանց: Ան ընդունած է որբ երեխաները եւ տուած է ծաւալուն ցուցմունքներ, որոնք հասանելի պիտի ըլլան լրատուամիջոցներուն:

Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնի հետաքննութիւնը կը պարզէ, որ խոշտանգուած հայ կիները պատկերող լուսանկարները ներբեռնուած են մօտ 20.000 ազրպէյճանցի օգտատէրերու կողմէ նոյնիսկ հինգ օրուան ընթացքին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2024, 08:32