Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (5)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 Հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրող իւրաքանչիւր անհատ պիտի նկատէ, որ անիկա մաքառումներու եւ մարտիրոսութիւններու անվերջ շղթայ մըն է յանուն՝ հաւատքի, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան: Այն ոչ թէ տիրանալու, այլ սեփականին տէր կանգնելու, ոչ թէ բռնանալու, այլ բռնութենէն ազատագրուելու, ոչ թէ կործանելու, այլ արարելու եւ շէնցնելու պայքար է. Այն իր հողին վրայ իրեն անընդհատ պարտադրուած ճակատումներու շարան մըն է: Սակայն 20-րդ դարու դարասկիզբին կատարուած ցեղասպանութիւնը, որ 1923_ին, իր լրումին հասցուց` Մուստաֆա Քէմալը, իր ծրագրած եւ իրագործած եղեռնագործութեամբ`մէկ անգամ ընդ միշտ  եկաւ խախտելու հայ ժողովուրդի դարերու հաւասարակշռութիւնը: Դարեր շարունակ խնամքով մշակուած եւ յղկուած ողջ քաղաքակրթութիւն մը հիմնայատակ կործանման եզրին հասցնելու հետեւանքով՝ պահ մը, երկիր մոլորակը կորսնցուց իր երբեմնի կշռոյթը:

         Բարեբախտաբար եղեռնագործութենէն եւ Քէմալի բռնութիւններէն 100-տարիներ ետք, մենք այլեւս պարտաւորուած չենք աշխարհին ցեղասպանութեան իրողութիւնը փաստող ապացոյցներ ներկայացնելու, քանզի անոնք բազմաթիւ են եւ առկայ են այդ ժամանակուայ հզօրագոյն եւ ոչ հզօրագոյն երկիրներու արխիւներուն մէջ եւ որուն վառ ապացոյցը 100-ամեակի ընթացքին զանազան երկիրներու մէջ ի յայտ եկած նորանոր արխիւներն են: Միաժամանակ ցեղասպանութիւնը հաստատող եւ վկայող նիւթեղէն-իրեղէն այդ ապացոյցները կարեւոր են ապագայ սերունդներուն, չի մոռնալու մեր ազգին պատահած պատուհասին եւ անոր հետեւանքներուն մասին, որպէսզի սերունդներու զգօնութիւնը չի փթանայ եւ անոնք տարուելով սեփական առօրեայ կենցաղային հոգսերով, չանտեսեն հնարաւոր կամ ակնկալուող արտաքին ու ներքին վտանգները:

         Հայկական ցեղասպանութեան մասին վկայող փաստաթուղթերը կը բարձրաձայնեն այն մեծ ոճիրի մասին, որ իրաւամբ կոչուած է 20-րդ դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը: Մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհուեցան, միայն այն պատճառաւ, որ անոնք արգելք էին համաթուրանական մեծ ծրագրին: Կազմակերպիչներուն նպատակն էր հանրութեան ուշադրութիւնը բեւեռել այն անարդարութիւններու, բռնութիւններու, ճնշումներու եւ վատ վերաբերմունքին վրայ, որոնց ենթարկուեցան մեր նախնիները թուրք բարբարոսներու ձեռամբ, ոչ միայն 19-րդ դարու դարավերջին եւ 20-րդ դարու դարասկիզբին, այն նոյնիսկ իրենց պապերու թաթարամոնկոլական առաջին իսկ արշաւանքներու օրերէն սկսեալ, որոնք հորդաններով Միջին Ասիայէն ներխուժեցին հայկական բարձրաւանդակ: Անոնք ապրելով քոչւոր ու թափառական կեանքով, հիմնուած ասպատակութիւններու եւ ալան-թալանի վրայ, այդպէս ալ չի դարձան քաղաքակիրթ ու լուսաւորեալ ժողովուրդ: Մոնկոլաթաթարական հորդանին յաջորդեց նոյն ցեղի աւելի բռնակալ, վայրագ ու գազանաբարոյ ազգակիցը՝ Օսմանեան բռնատիրութիւնը, որուն հիմնադիր Օսմանը իսկական ժառանգորդը հանդիսացաւ իր ցեղակիցներուն, չտեսնուած վայրագութեամբ ու բարբարոսութեամբ օժտուած: Այս տառապանքներէն սկիզբ առաւ հայկական հարցը, որը ցայսօր դժբախտաբար անլուծելի կը մնայ: Թալիաթ 23-Ապրիլ 1915-ի գիշեր, երբ կը ձերբակալէր հայ մտաւորականներն ու քաղաքական-կրօնական առաջնորդները եւ հետիոտն զիրենք Տէր-Զօրի սպանդանոցը կ’առաջնորդէր, մեծ յոյս ունէր, որ ինք իր այդ քայլով պիտի կարենար ազգիս կենդանի ձայնը ի սպառ խլացնել: Սակայն նախախնամութեան կամօք ողջ մնացած հայորդիները իրենց գոյութեամբ վկան հանդիսացան հրէշաւոր այդ արարքին եւ ապացուցեցին, որ այն ազգը, որ չի ցանկար մահանալ, անհնար է զինք սպաննել կամ վերացնել: Ուստի յարեալները իրենց էութեամբ, կենդանի յուշարձանները դարձան իրենց նահատակներուն եւ բոցավառ փարոսը իրենց յաջորդ սերունդներուն, անոնց փոխանցելով ազգիս յաւերժութեան ջահը, որպէս առհաւատչեայ հայու լինելիութեան գրաւականը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2024, 09:25