ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (6)
Տխրահռչակ 1923_թուականի, Քահանաներու հանդէպ իրագործած եղեռնագործութեան հարիւրամեակի այս շրջանին մենք պայքարի մէկ այլ հանգրուան թեւակոխած ենք` շրջափակուած Արցախը ճակատագրի քմահաճոյքին յանձնելով, ուստի պարտինք աւելի բարձր հարթակ տեղափոխելով մեր դատը, կարողանանք որոշ չափով օժանդակութեան ձեռք մեկնել մեր ազգակիցներուն։
Այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք ունինք բացայայտելու անհատներու, գրադարաններու ու հաստատութիւններու արխիւներու մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը եւ յատկապէս հզօր երկիրներու արխիւներու մէջ գտնուող փաստաթուղթերը, որոնց կարեւորութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ այդ փաստաթուղթերը պատրաստողները Օսմանեան կայսրութեան բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներու քաղաքացիներն են, որոնք հայոց ցեղասպանութիւնը սեփական աչքերով տեսած, գրանցած ու վաւերագրած են, դժբախտաբար տակաւին յարմար չեն նկատեր զանոնք հրապարակել, նկատի առած թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքն ու թուրքիոյ հետ ունեցած իրենց զանազան փոխշահաւէտ գործարքները: Ուստի այդ մեծ տէրութիւնները ենթարկուելով թրքական ճնշումներուն ցայսօր կ’անտեսեն մեր հարցը, ձգելով արեւմտահայաստանը առաւել եւս շրջափակուած Արցախը`թուրքի եւ ազերիի լուծին տակ:
Այս բոլորով հանդերձ մենք՝ հայերս ազգովին՝ հայրենիք թէ սփիւռք, կը ջանանք ցեղասպան թուրքին եւ իր եղբայրակից ատրպէյճանցիին գործած սեւ գործի բոլոր հետեւանքները բացայայտել, տեւական աշխատանքով եւ ի լոյս աշխարհ հանելով մեր ազգի հանդէպ անոնց գործած ոճիրի ողջ դաժանութիւնը, որպէսզի համաշխարհային հանրային կարծիքը ճիշտ պատկերացում կազմէ եղելութեան մասին եւ ոճրագործին միջազգային դատարանին առջեւ կանգնեցնելով պահանջէ ատեանէն անաչառ մօտեցում ցուցաբերել հայ դատի իրաւացիութեան եւ Արցախի հայկական տարածք ըլլալու շուրջ:
Մենք պիտի շարունակենք ճանաչման եւ փոխհատուցման ուղղութեամբ մեր աշխատանքները, այնքան ժամանակ, քանի չէ լուծուած այս կնճռոտ հարցը: Ցեղասպանութիւնը եւ Քէմալի եղեռնագործութիւնը եւ առհասարակ ոճիրը չի դարմանուիր, եթէ չի չորացուի անոր արմատները: Եւ քանի դեռ կենսունակ է չարին արմատները եւ տակաւին հայ ժողովուրդը պահանջատէր է, ապա մենք շատ բան ունինք ընելիք գալիք ժամանակաշրջանին, մինչեւ մեր ամբողջական իրաւունքներուն տիրանալը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ