Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (8)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հաւատաւոր հայու գիտակցութեամբ ուղղորդուած մուտք գործենք Արցախեան հարցի լուծման գործընթացի առընչութեամբ:

Քանզի այսօր յստակ պատկերացում ունինք մեր օրերուն Արցախէն ճողոպրած ժողովուրդին հանդէպ ուղղուած մարտահրաւէրներուն լրջութեան, գիտնանք, որ անհաւասար այդ պատերազմը  նիւթական կորուստներու կողքին պատճառեց նաեւ մարդկային կեանքի անփոխարինելի կորուստներ:

Ի՞նչ փոյթ սակայն, առանց զոհերու, իրաւունքին կարելի չէ վերատիրանալ:Այդպէս է այսօրուայ ամբողջական իրավիճակը։

       Արցախի մարտերուն, շրջափակման մէջ ինկած զինուորներէն շատեր նահատակուեցան, որոնք էութեամբ համակ նուիրում էին, ամբողջութեամբ ճիչ էին` ուղղուած հայ ազգին հանդէպ գործուած անարդարութիւններուն դէմ: Անոնք գերադասեցին պատմութեան կրողը ըլլալ, քան` սոսկ արձանագրողը:

     Անոնք իրենց նահատակութեամբ իրենց հետ վերընձիւղեցին իրենց այնքան պաշտած ու փայփայած հայրենի հողն ու ժողովուրդը, որ ցաւօք այսօր անցած են թշնամիին ամբողջական հսկողութեան տակ։

  Այնուամենայնիւ դարերու խորքէն եկած հայ ժողովուրդը, լաւատեսութեամբ եւ դրական լիցքերով` իր մէջ գտաւ այն մեծ ոյժը, որ Ճակատային ամենաթէժ մարտերուն անգամ, հայրենասիրական ոգիով եւ ապագայի հանդէպ հաւատքով եւ յոյսով` հերոսաբար դիմակայեց անագորոյն թշնամիին, ցաւօք անհաւասար կռիւներուն իբրեւ հետեւանք այսօր կորսնցուցած ենք մեր բազմադարեայ Արցախ աշխարհը եւ առաւել եւս Հայաստանեան կարգ մը տարածքներ կը շարունակուին գտնուիլ թշնամիին հսկողութեան տակ։ Եթէ առաջ ջարդ, նուաստացում եւ ի հակադրութիւն հերոսական ընդվզում եւ պայքար էր, իսկ այժմ քաղաքական կռիւը իր շարունակական ընթացքին մէջ է` մինչեւ հասնի իր տրամաբանական աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2024, 09:28