ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (7)
《Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած...》
Յովհաննէս Թումանեանի այս տեսլականով առաջնորդուած էր հայը` երբ Քէմալականները 1923_ին, մեզ մեր պապենական երկրէն` վերջնականապէս վտարեցին։
Փայլուն ապագայի հեռանկարը եւ մեր դատի արդարացիութեան հաւատքն էր, որ լուսաւորելով հայ սրտերը, վտարանդի մէջ անգամ ճամբայ հարթեց չընկրկելու եւ ուծացման վտանգին դէմ անգամ յաղթահարելու:
Հայրենասիրութեան ոգիով տոգորուած գաղթական հայու բոցավառ սիրտը` երբեք չվարանեցաւ իր վառ կրակը փոխանցելու՝ հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարը սերմանելու մատղաշ սերունդին մէջ: Քանի մը տասնեակ սրտերու բոցը բաւարար էր ջերմացնելու ամբողջ ազգի մը հոգին, քանի որ այդ ջերմութիւնը կու գար պատմութեան խորքէն, ընթանալու դէպի յաւերժութիւն:
Ուսումնասիրելով պատմութիւնը` կը նկատենք` որ ինչքան դաւադիր նկրտումներ ունէր սուլթան Պայազիտ Ա., երբ ԺԵ. դարու վերջերը ան նուաճած էր հսկայական տարածքներ:
Երբ վերագծենք` Հայաստանի վարչական բաժանումները, համակուած անզուսպ կրակով`մեր երակներուն մէջ կը փոթորկի արիւնը:
Այդքան դաժանութիւններ ու դառնութիւններ, որոնք անսանձ հողմի նման զարնուեր էին հայոց լեռնաշխարհին:
Ուսումնասիրելով մատեաններու և օտար աղբիւրներու համրացած էջերը, անցեալի աննշմարելի թրթիռներ կը յայտնաբերենք, հարցերը մէկ առ մէկ բորբոքելով եւ համադրելով, բանական եզրայանգման կը հասնինք եւ ամբողջական պատկերացում կը կազմենք` Քէմալի կողմէ 1923_ին, մեզի հասցուած զարհուրելի վնասին:
Քարտէսագրողի հմուտ աչքերով` երբ փնտռենք հինի և նորի տիեզերական ուղեգիծը, պատմութեան անցեալն ու մեր օրերու ընթացքը կը փորձենք համադրել, ի մի բերել, ժխտել ու հաւաստել, սակայն արդիւնքը զայրոյթի նոյն ակունքին կը վերադառնայ, որ ԺԵ. դարու արիւնախում Պայազիտ Ա. ի գազանային բնազդը խօլական խշշոցով եկեր հասեր է 20-րդ դարավերջի խորամանկ Ալիեւին:
Օսման թուրքը` եղեր էր Երիտ Թուրք, ապա Քէմալ, իսկ հիմա դարձեր է ազերի, բայց բիժով աչքերու ճապաղ չռուածքը նոյնն է, մօտեցման մագիլները ուրիշ տեսակ են, սակայն նոյն մռութն է, նոյն խենէշ հայեացքն ու բորոտ ձեռքերը:
Ապրումներու և զգացումներու միախառնումէն ծնած հայու վճիռը եղաւ այն, որ արիւնախում թուրքին դիմաց պէտք է խիզախ եւ դիւցազնական կեցուածք որդեգրել, որպէսզի թշնամին` այս պարագային Համիտներ, Իթթիհատականներ, Քէմալականներ, Ալիեւներ չուրախանան, թէ իրենց վայրագութիւնները մոռցուեցան, իսկ թշնամիին նոր սերունդը հասկնայ, որ Հայոց գեհէնն ու բարբարոսութիւնը անկարելի է անգամ մը եւս կրկնուի, որովհետև հասած է նոր ժամանակներ եւ նոր մարտնչողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ