Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Մի՛ փորձէր սփիւռքը հակադրել Հայաստանին, Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն են՝ մէկ պահանջատիրութեամբ․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա.-ն նաեւ ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ։ Ան մասնաւորապէս ըսած է․ «Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչման օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն անդրադարձած է 23 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղած է Թուրքիոյ նախագահին՝ հարց տալով.

«Պարոն նախագահ, ուրկէ՞ եկան այս աճիւնները մեր նահատակներուն։ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս քու պապերուդ կողմէ ջարդուեցան մեր պապերը։ Պատմութիւնը կը վկայէ, նոյնիսկ թուրք պատմագէտներու կողմէ, թէ ինչ որ կատարուեցաւ 1915-ին ի՛մ պապերուս դէմ քո՛ւ պապերուդ կողմէ, Ցեղասպանութիւն էր՝ ծրագրուած ու գործադրուած պետական մաշտապով»,-ըսած է Արամ Ա.-ն:

Իսկ պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին Հայաստանը Սփիւռքին եւ Սփիւռքը Հայաստանին հակադրելու անիմաստ փորձերուն, Վեհափառ Հայրապետն ըսած է․

«Պարոն նախագահ, մի՛ փորձեր Սփիւռքը հակադրել Հայաստանին։ Հայաստան եւ Սփիւռք՝ մէ՛կ ամբողջութիւն է, մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։ Հետեւաբար, Արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը։ Հայաստանին ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ դնելով՝ փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նոյնիսկ՝ գոյութեան»։

Արամ Ա.-ն նաեւ ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ։ Ան մասնաւորապէս ըսած է․ 

«Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչման օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»։

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, թէ ժամանակն է հրաժարելու անհիմն յիշողութիւններէն, հիմա այդ կը հասկնայ նաեւ Փաշինեանը։ Ան նաեւ ըսած էր․ «Յոյսով եմ՝ Հայաստանը կ՚ազատի այն խաւարէն, որու մէջ իրեն ներքաշած է Սփիւռքը եւ կ՚ընտրէ նոր նախաձեռնութիւններու ուղին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2024, 08:33