Որոնել

Իսրայէլի դէմ Իրանի յարձակում Իսրայէլի դէմ Իրանի յարձակում 

Իսլամական հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Իսրայէլի վրայ Իրանեան ուղղակի յարձակում

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները եւ դատապարտած «Լոնտոնի, Փարիզի եւ Պերլինի Իսրայէլի մեր ներկայացուցչութեան վրայ կատարած յարձակումին եւ անոր մեր օրինական հակադարձութեան նկատմամբ երկիմաստ կեցուածքները»:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շաբաթ գիշեր իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի յարձակում գործեց Իսրայէլի վրայ` հակադարձելով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին, որ պատճառած էր 7 զոհ, ներառեալ Յեղափոխական պահակագունդի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հրամանատար զօր. Մոհամետ Ռիտա Զահիտին: Յարձակումը շուրջ 5 ժամ տեւեց:

Իրան յայտնեց, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ իր արձակած հրթիռներուն կէսը յաջողութեամբ հարուածած է իր թիրախները, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Իսրայէլի դէմ արձակուած անօդաչու թռչող սարքերուն ու հրթիռներուն 99 առ հարիւրը վնասազերծած է:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան «Խայպար» հրթիռներով հարուածած է Նեկեւի մէջ իսրայէլեան օդուժի ռազմակայանը, ուրկէ շղթայազերծուած է Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումը:

Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Հուսէյն Սալամի յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքերն ու հրթիռները յաջողութեամբ շրջանցած են իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ իսրայէլեան զինուորական երկու կարեւոր դիրքեր հարուածած: Պահակագունդի հրամանատարը ըսաւ, որ իրանեան յարձակումը աւարտած է եւ զայն շարունակելու փափաք գոյութիւն չունի, սակայն իր երկիրը ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Իսրայէլ իր շահերը թիրախաւորէ` նշելով, որ եթէ Ուաշինկթըն Իրանի դէմ որեւէ յարձակումի մասնակցի, ապա շրջանին մէջ անոր ռազմակայանները ապահով պիտի չըլլան:

«Կրնայինք լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծել, սակայն իսրայէլեան հողերուն վրայ որոշ թիրախներ ճշդեցինք», նշեց ան:

Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաքիրի իր կարգին յայտնեց. «Մեր յարձակումը աւարտեցաւ: Չենք ուզեր զայն շարունակել, սակայն ուժգին կերպով պիտի հակադարձենք, եթէ Իսրայէլ մեր շահերը թիրախաւորէ: Մեր յարձակումը իսրայէլեան զինուորական կարեւոր դիրքեր քանդեց»:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցչութիւնը շաբաթ կէս գիշերէն ետք յայտարարեց. «Հարցը կրնանք աւարտած նկատել, եւ եթէ Իսրայէլ այլ սխալ մը գործէ, մեր հակադարձութիւնը աւելի սուր պիտի ըլլայ»:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի շեշտեց. «Մեր ուժերը սիոնական թշնամիին դաս տուին, եւ որեւէ նոր արկածախնդրութիւն աւելի ծանր հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: Ան նաեւ ընդգծեց. «Սիոնական թշնամիին եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ որեւէ նոր արկածախնդրութիւն աւելի ուժեղ ու աւելի խիստ հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Պաշտպանական գործողութիւնները շարունակելու մտադրութիւն չունինք, սակայն պիտի չտատամսինք որեւէ յարձակումէ մեր շահերը պաշտպանել»:

«Միջազգային ընտանիքը Իրանին ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղէ եւ Իսրայէլի ոճիրներուն դիմաց աչք կը փակէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի դէմ երէկուան իրանեան զինուորական գործողութիւնը սահմանափակ էր, եւ ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ալ քաղաքային կեդրոններ թիրախաւորեց: Մեր գործողութիւնները թիրախաւորեցին «ԷՖ-35» օդանաւերու թռիչքներու դիրքերը»:

«Մեր հակադարձութիւնը օրինական, վճռական եւ բնական ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ էր», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Շրջանին մէջ ո՛չ ամերիկացիներու, ո՛չ ալ ամերիկեան ռազմակայաններու թիրախաւորումը կը քննարկենք»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները եւ դատապարտած «Լոնտոնի, Փարիզի եւ Պերլինի Իսրայէլի մեր ներկայացուցչութեան վրայ կատարած յարձակումին եւ անոր մեր օրինական հակադարձութեան նկատմամբ երկիմաստ կեցուածքները»:

«Եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն յայտնեցինք, որ Յեղափոխական պահակագունդի գործողութիւնը մեր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ էր, եւ մենք յանձնառու ենք միջազգային օրէնքներուն եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան», նշեց նախարարութիւնը:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Իսրայէլին իր հակադարձութեան մէջ օգտագործած է «Իմատ» տիպի միջցամաքային հրթիռներ, թեւաւոր հրթիռներ եւ «Շահետ 136» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի դէմ աւելի քան 300 «տարատեսակ սպառնալիքներ», ներառեալ թեւաւոր հրթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր արձակուած են, սակայն արձակուած 120 թեւաւոր հրթիռներէն շատ քիչ թիւ մը մուտք գործած է Իսրայէլի օդային տարածք եւ ինկած երկրին հարաւը գտնուող «Նաֆաթիմ» օդուժի ռազմակայան ու «թեթեւ վնասներ պատճառած»` շեշտելով, որ ռազմակայանը կը շարունակէ գործել, եւ Իրան «ձախողած է» կարծելով, որ «օդուժի ռազմակայանի աշխատանքը պիտի ջլատէ եւ մեր օդային կարողութիւններուն պիտի վնասէ»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի օդային տարածքին մէջ հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու վնասազերծման գինը անցած է միլիառ տոլարը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, յղում կատարելով բանակին, յայտնեց, որ Իրանի արձակած 110 հրթիռներէն միայն 7-ը մուտք գործած է Իսրայէլի օդային տարածք: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան եւ բրիտանական հալածիչներ Իրաք-Սուրիա սահմանին վերեւ մասնակցած են իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու վնասազերծման: Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտնեց, որ ֆրանսական բանակը եւս մասնակցած է Իսրայէլը իրանեան յարձակումէն պաշտպանելու աշխատանքին:

Յորդանան եւս մասնակից դարձաւ դէպի Իսրայէլ արձակուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու վնասազերծման աշխատանքին: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով շրջանին մէջ ապահովական երկու աղբիւրներուն հաղորդեց. «Յորդանանեան հալածիչներ Յորդանանի հիւսիսային եւ կեդրոնական շրջանին մէջ կրակ կը բանան դէպի Իսրայէլ ուղղուող իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու վրայ»:

Յորդանանի կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, երկու կողմերու` Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ճակատում մըն էր: Կոչ կ՛ուղղենք մագլցում չկատարելու, որպէսզի շրջանային պատերազմի չվերածուի»: Յորդանանի կառավարութիւնը նաեւ աւելցուց. «Երկրին օդային տարածք մուտք գործած թռչող մարմիններ վնասազերծուեցան` երաշխաւորելու համար երկրին անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին. «Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ պատմական գործակցութիւն. առաջին անգամ ըլլալով անոնց միջեւ զինուորական գործակցութիւնը բացայայտ կերպով կը կատարուի»:

Նշենք, որ յարձակումի շղթայազերծումէն ետք, իրանեան աղբիւր մը «Ֆարս»-ին յայտնեց. «Յորդանանը կրնայ յաջորդ թիրախը դառնալ, եթէ ի նպաստ Իսրայէլի գործէ»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, հաղորդեց. «Իսրայէլ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ իրանեան յարձակումին»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը իր կարգին մէջբերեց կատարելով բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետեւեալ խօսքը. «Իրանցիները գիշերը ռազմավարական ձախողութիւն ապրեցան, եւ այժմ անքուն մնալու հերթը անոնց է»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնաբանելով իրանեան յարձակումը յայտնեց. «Վնասազերծումը կատարուեցաւ, եւ միասնաբար պիտի յաղթենք»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Իսրայէլի դէմ պատերազմը Իրան սկսաւ, սակայն մենք զայն պիտի աւարտենք մեր արժեւորման համաձայն»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց երէկ նշեց. «Շրջանային դաշինք մը պիտի կազմենք, եւ Իրանին մեզի յարմար ձեւով ու ժամկէտին սուղ գին վճարել պիտի տանք»: «Իրանի յարձակումի Թեհրանէն եկող սպառնալիքին դէմ դաշինք ստեղծելու առիթ է», ըսաւ Կանց:

Իսրայէլի կառավարութեան բանբերը շաբաթ կէս գիշերէն ետք յայտարարեց. «Մեր հակադարձութիւնը խիստ եւ յստակ պիտի ըլլայ»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը, սակայն, հաղորդեց. «Ամերիկացի պաշտօնատարներ Իսրայէլէն պահանջեցին Իրանի դէմ որեւէ հակադարձութեան վերաբերեալ նախապէս (Ուաշինկթընի հետ) քննարկումներ կատարել»:

Իրանի Յարձակումին Հակադարձութիւն.
Քաղաքական–Դիւանագիտակա՞ն, Թէ՞…
«Աքսիոս», յղում կատարելով Սպիտակ տունէն պաշտօնատարի մը, հաղորդեց. «Պայտըն Նեթանիահուին յայտնեց, որ Ամերիկան պիտի ընդդիմանայ Իրանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի»: «Պաուապաթ Ահրամ», մէջբերելով Սպիտակ տունէն պաշտօնատարի մը խօսքը, հաղորդեց. «Պայտըն Նեթանիահուին յայտնեց, որ Ամերիկան Իրանի վրայ յարձակումին պիտի չմասնակցի», իսկ «Արապիա», յղում կատարելով իսրայէլացի պաշտօնատարի մը, նշեց. «Յարձակումին արդիւնքին եւ ամերիկեան կեցուածքին լոյսին տակ Իրանին հակադարձելու կարելիութիւնը նուազեցաւ»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «Պայտըն յաջողեցաւ Նեթանիահուն տարհամոզել Իրանի վրայ յարձակում գործելէ, վերջինս հրամայեց վերադարձը օդանաւերուն, որոնք Իրանի մէջ գործողութիւններ կատարելու կ՛երթային»:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կացութեան մագլցում չենք ուզեր տեսնել եւ Իրանի հետ աւելի լայնածաւալ պատերազմի չենք ձգտիր»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր իրանցի պաշտօնակիցին յայտնած է. «Անգարան շրջանին մէջ յաւելեալ մագլցում չ՛ուզեր»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը, հաղորդեց. «Իրան Թուրքիան նախապէս տեղեակ պահեց Իսրայէլի դէմ իր ծրագրած գործողութենէն»: «Արապիա» իր կարգին թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդեց. «Ամերիկա Թուրքիոյ ճամբով Իրանին յայտնեց, որ անոր գործողութիւնը պէտք է որոշ սահմաններու մէջ ըլլայ»:

Մինչ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտարարեց, որ «Իսրայէլի ինքնապաշտպանութիւնը արդիւնաւէտ էր, եւ այժմ պարտաւորուած ենք ջախջախիչ հակահարուած հասցնել», Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հսկայական առիթ մը ունինք Իրանի դէմ քաղաքական յարձակում մը ղեկավարելու, եւ երէկ աշխարհի աջակցութիւնը ստացանք»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ իրանեան յարձակումին, սակայն անոր տարողութիւնն ու ընտրանքները մանրամասնօրէն պիտի քննարկուին Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նիստին, որ գումարուեցաւ երէկ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներու միջեւ իրանեան յարձակումին հակադարձելու ժամկէտին շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Նեթանիահու որոշած է յետաձգել Ռաֆահի գործողութեան որոշուած ժամկէտը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Կը դատապարտեմ Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումները»` աւելցնելով. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսեցայ հաստատելու Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու խիստ յանձնառութիւնը»:

«Եօթներու խմբակի ղեկավարներուն հետ ժողով պիտի գումարեմ իրանեան յարձակումին դիւանագիտական միացեալ հակադարձութեան շուրջ համակարգում կատարելու համար», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Շնորհիւ տեղակայման գործողութիւններուն եւ մեր զինուորներու վարպետութեան, Իսրայէլին օգնեցինք գրեթէ բոլոր անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու վնասազերծման մէջ»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ «Մեր ուժերը Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Եմէնէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած տասնեակներով անօդաչու թռչող սարքեր վնասազերծեցին»` աւելցնելով. «Մեր ուժերը պատրաստ են Իսրայէլի պաշտպանութեան համար աջակցութիւն տրամադրելու եւ պաշտպանելու մեր ուժերն ու գործընկերները»:

Ան դատապարտեց «Իրանի եւ անոր կամակատարներուն կողմէ կատարուած անպատասխանատու եւ աննախադէպ» յարձակումները` յայտարարելով. «Իրանի հետ տագնապի չենք ձգտիր, սակայն մեր ուժերը պաշտպանելու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան աջակցելու համար գործելէ պիտի չտատամսինք»:

Նշենք, որ Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Թեհրան Զուիցերիոյ ճամբով Ուաշինկթընը զգուշացուց, որ անոր ռազմակայանները պիտի թիրախաւորէ, եթէ իր դէմ իսրայէլեան որեւէ հակադարձութեան աջակցի»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ Իսրայէլի վրայ կատարուած իրանեան յարձակումը»:

Ան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրեց երեքշաբթի օր արտակարգ ժողովի` քննարկելու համար Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումները: «Մեր նպատակը մագլցումը կասեցնելու եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատման օգնելն է», ըսաւ Պորել:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն դատապարտեց իրանեան յարձակումը` նշելով. «Իրանին եւ անոր կամակատարներուն կոչ կ՛ուղղեմ` անմիջապէս դադրեցնելու այս յարձակումները»: Ան նաեւ աւելցուց. «Բոլոր ազդու կողմերը այժմ պէտք է դադրեցնեն մագլցումը եւ աշխատանք տանին շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «բուռն կերպով» դատապարտեց «աննախադէպ յարձակումը, զոր Իրան Իսրայէլի դէմ շղթայազերծեց», միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղելով` շրջանային աւելի մեծ մագլցումէն խուսափելու համար ինքնազսպում ցուցաբերելու:

«Զօրակցութիւն կը յայտնեմ իսրայէլի ժողովուրդին եւ կը յայտնեմ Ֆրանսայի նախանձախնդրութիւնը` Իսրայէլի անվտանգութեան, մեր գործընկերներուն եւ շրջանային կայունութեան նկատմամբ», ըսաւ Մաքրոն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտնեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ Իսրայէլի վրայ Իրանի կատարած յարձակումը` նշելով. «Իրան այս աննախադէպ արարքը գործելու իր որոշումով կայունութիւնը քայքայել նպատակադրող իր արարքներուն մէջ նոր շեմ կ՛անցնի, եւ զինուորական մալգցումի ռիսքի կը դիմէ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլի վրայ Իրանի յարձակումը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին համահունչ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ է` հակադարձելով շրջանին մէջ իրանեան թիրախներու (ներառեալ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի շէնքը) վրայ յարձակումին:

Նախարարութիւնը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց շրջանին մէջ «մէկ այլ վտանգաւոր մագլցումի» նկատմամբ` առնչակից կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղելով: Նախարարութիւնը նշեց. «Շարունակ եւ իրերայաջորդ կերպով զգուշացուցինք, որ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապները, նախ եւ առաջ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը լուծելու ձախողութիւնը լարուածութեան մագլցումի պիտի յանգեցնէ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Իսրայէլ Ռուսիոյ վրայ ուքրանական յարձակումները չդատապարտեց եւ կ՛ուզէ, որ Մոսկուան իր վրայ իրանեան յարձակումը դատապարտէ»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտնեց. «Կրնամ հաստատել, որ մեր օդանաւերը իրանեան շարք մը յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր վար առին»: Ան «բուռն կերպով» դատապարտեց իրանեան «անպատասխանատու» յարձակումը` նշելով, որ Լոնտոն «պիտի շարունակէ պաշտպանել Իսրայէլի անվտանգութիւնը»:

«Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումին յաջողութիւնը վտանգաւոր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէր», ըսաւ Բրիտանիոյ վարչապետը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Փեքին «ներկայ մագլցումին, նկատմամբ իր խոր մտահոգութիւնը կ՛արտայայտէ եւ առնչակից կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` հանդարտութեան եւ ինքնազսպումի` յաւելեալ մագլցումէ խուսափելու համար»:

«Չինաստան միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար ազդեցութիւն ունեցող կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` (Միջին Արեւելքի մէջ) անվտանգութեան ու կայունութեան ի շահ դրական դերակատարութիւն ունենալու», աւելցուց ան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խուսափելու վտանգաւոր մագլցումէն, որ կրնայ վատթարացնել Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2024, 09:53