Որոնել

Men install an Armenian flag next to a checkpoint on the road leading to Nagorno-Karabakh near Kornidzor

Երեւան-Պաքու նախնական համաձայնութեան վերաբերեալ միջազգային արձագանգներ

ւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրը` իբրեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Կ՛ողջունենք յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնած են 1991-ի Ալմա Աթայի յայտարարութեան շուրջ` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք: Ասիկա կարեւոր քայլ է կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Մենք ուրախութեամբ կ՛ողջունենք 19 ապրիլ 2024-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը 30 տարի բռնագրաւուած 4 գիւղը Ազրպէյճանին վերադարձնելու եւ սահմանազատման աշխատանքներու շարունակման վերաբերեալ:

«Ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած այս դրական զարգացումը կարեւոր քայլ է խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրը` իբրեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք:

Ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ հիմնուած սահմանազատումը եղած է նաեւ Պրիւքսելի մէջ քննարկումներու առանցքը` Միշել յոյս յայտնած է, որ անիկա պիտի ծառայէ բնականոնացման հոլովոյթին եւ խաղաղութիւն պիտի բերէ շրջանին:

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Էսք»-ի վրայ գրեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման հարցերով պետական յանձնախումբերու Տաւուշի հանդիպումները յուսադրած են Եւրոպական Միութիւնը:

Ան կը գրէ, որ Պրիւքսելի մէջ ամբողջովին կ՛աջակցին Երեւանի եւ Պաքուի բանակցութիւններու հոլովոյթին` համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման նպատակով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց 19 ապրիլին պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Ան կողմերուն կոչ ուղղեց շարունակելու սահմանի մնացեալ հատուածներու սահմանագծումն ու սահմանազատումը եւ լուծելու բոլոր երկկողմանի խնդիրները` յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու համար: Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

Տիւժարիք ընդգծեց, որ ընդհանուր քարտուղարը ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման մասին համաձայնութիւնը կը վերացնէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ճամբուն մեծ խոչընդոտը: Գերմանիան պատրաստ է ցուցաբերել ամբողջ հաւանական աջակցութիւնը կայուն խաղաղութեան ճամբուն վրայ»:

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ, արձագանգելով Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի` Տաւուշի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետական յանձնախումբերու հանդիպումին մասին գրառումին, «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Շատ լաւ նորութիւն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանին համար: Այս դրական զարգացման շնորհիւ մենք կրնանք զգալի յառաջընթաց տեսնել շրջանի տնտեսական զարգացման, ենթակառոյցներու եւ տնտեսական աճի ոլորտներուն մէջ: Շուէտը լիովին հաւատարիմ է այս նպատակին հասնելուն»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2024, 08:29