Որոնել

Կազայի մէջ մարդասիրական աշխատանքներ կատարող օտարահպատակներ Կազայի մէջ մարդասիրական աշխատանքներ կատարող օտարահպատակներ  (ANSA)

Կազայի մէջ մարդասիրական աշխատանքներ կատարող օտարահպատակներ սպաննուեցան

Կազայի մէջ ոչ կառավարական «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան 7 անդամներ, որոնցմէ 6-ը օտարահպատակներ են, ներառեալ լեհ մը, աւստրալացի մը, բրիտանացի մը, իսրայէլեան օդային հարուածի մը պատճառով սպաննուեցան:

Կազայի մէջ ոչ կառավարական «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան 7 անդամներ, որոնցմէ 6-ը օտարահպատակներ են, ներառեալ լեհ մը, աւստրալացի մը, բրիտանացի մը, իսրայէլեան օդային հարուածի մը պատճառով  սպաննուեցան: Իսրայէլեան բանակը խոստացաւ «համապարփակ քննութիւն» կատարել:

Աւստրալիոյ վարչապետը յայտնեց, որ Իսրայէլի դեսպանէն «փրկարարական խումբի սպանութեան վերաբերեալ ամբողջական հաշուետուութիւն» պահանջած է:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն յայտնեց.  «Իսրայէլեան կառավարութիւնը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ յստակացնէ «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի պաշտօնեաներուն վրայ յարձակումին հանգամանքները:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` մեկնաբանելով դէպքը, յայտնեց. «Մեր ուժերը Կազայի մէջ ոչ դիտաւորեալ կերպով վիրաւորեցին անմեղ մարդոց»:

Միւս կողմէ, Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը եռանդուն բանակցութիւններու փուլէ ետք, «այսօր պիտի վերադառնայ Գահիրէ»:

Գրասենեակը նշեց. «Միջնորդները բարեփոխուած առաջարկ մը պատրաստեցին, որպէսզի Համասը անոր պատասխանէ, եւ կը սպասենք, որ անոնք աշխատանք տանին գործարքի հասնելու համար»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ գոյութիւն ունի գաղթականներու Կազայի հիւսիս փուլային վերադարձի համար անվտանգ 3 միջանցքներ ստեղծելու առաջարկ մը:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ երկուշաբթի օր առցանց ժողովի մը ընթացքին. «Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ Ռաֆահի վերաբերեալ մեր մտավախութիւնները նկատի առնելու»: Երկու կողմերը համաձայնած են յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը փորձագէտներու մակարդակով այլ քննարկումներ կատարելու:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի մասնակցութեամբ Ռաֆահի վերաբերեալ քննարկումները «շինիչ» էին, եւ երկու կողմերը համաձայնած են Համասը պարտութեան մատնելու նպատակին:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ամերիկեան վարչակազմը կը սերտէ Իսրայէլին 18 միլիառ տոլար արժողութեամբ 25 «Էֆ-15» հալածիչներ ու զինամթերք տրամադրել ներառող գործարքի մը համաձայնութիւն յայտնելու հարցը:

Աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ 30 յունուար 2023-ին գոյացած համաձայնեցուած նշեալ հալածիչներու յանձնումը արագացնելու հարցը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի անցեալ շաբաթ Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին կարեւորագոյն պահանջներէն մէկը եղած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 08:18