Անծանօթ անձինք հրկիզած են Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանոցը՝ ուր թաղուած են հայ մեծեր Սարոյեանն ու Թէհլիրեանը
ԱՄՆ Ֆրեզնօ քաղաքի «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին բազմաթիւ հայ ականաւոր գործիչներ, այդ շարքին՝ Սողոմոն Թէհլիրեանը, Ուիլիըմ Սարոյեանը, Վիքթոր Մաղաքեանը, յունուարի կէսէն ի վեր հրկիզողներու թիրախ դարձած է. ընդհանուր առմամբ տեղի ունեցած է վեց միջադէպ: Վերջինը գրանցուած է ուրբաթ գիշեր, երբ հրկիզուած է ութ ծառ գլխաւոր մուտքի մօտ:
Ինչպէս նշած է Fox 24 News-ը, դէպքի վայր ժամանած են Ֆրեզնոյի ոստիկանութիւնն ու հրշէջ ծառայութիւնը, սակայն որեւէ ձերբակալութիւն տեղի չէ ունեցած:
«Ինչպէս կրնաք պատկերացնել, սա ահաւոր վրդովեցուցիչ է տնօրեններու խորհուրդի, հայ համայնքի, իմ անձնակազմի եւ անձնապէս ինծի համար: Մենք միակ հայկական գերեզմանատունն ենք Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս, մեր առաքելութիւնն է կարեկցանքով ծառայել հայ ընտանիքներուն՝ միեւնոյն ժամանակ վառ պահելով բոլոր անոնց յիշատակը, որոնք թաղուած են այստեղ: Իմ անձնակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերինք այս առաքելութեան, անհնար է գերագնահատել, թէ որքան տխուր է այս ամէնը մեզի համար», - ըսած է «Արարատ» եւ «Մասիս Արարատ» հայկական գերեզմանատուներու գործադիր տնօրէն Շերի Մենինգ-Քարթրայթը:
Հրդեհները տեղի ունեցած են գերեզմանատան ամենահին հատուածին մէջ, որ հիմնադրուած է 1885 թուականին: Դարպասներն ու կամարը յստակ կը վկայեն, որ գոյքը հայկական է:
Կատարուածը մտահոգիչ է՝ հաշուի առնելով, որ կը մօտենայ Ապրիլի 24-ը՝ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը եւ չի բացառուիր, որ սա կրնայ ըլլալ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւն:
Այրած ծառերու հեռացման եւ փոխարինման նախահաշիւը կազմած է մօտաւորապէս $25,000: Տնօրէններու խորհուրդը վստահ չէ՝ արդեօք ապահովագրութիւնը կը փակէ ծախսերը:
Ֆրեզնոյի «Արարատ Մասիս» հայկական գերեզմանատունը հիմնադրուած է 1885 թուականին եւ կը շարունակէ գործել Ֆրեզնոյի հայ համայնքի կողմէ։ Այն կը գործէ արդէն մէկ դար։ Գերեզմանատունը կ՚առանձնանայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանով։ Յուշարձանը կը ներառէ զոհուածներու ոսկորներ անյայտ զոհերու յիշատակին, որոնք բերուած են Տէր Զօրէն, Սուրիայէն։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ