Որոնել

«Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» վաւերագրական ֆիլմ «Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» վաւերագրական ֆիլմ 

Սիւզան Խարտալեանի «Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» վաւերագրական ֆիլմը՝ Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման ահազանգող Ղօղանջ է

Ցեղային բնաջնջումը, սպանդն ու սեռային ստրկութիւնը՝ ազգերու կենսագործունէութեան սպառնալիքներն են։ Խարտալեանի փաստավաւերագրական վկայութիւնը սուր ահազանգող ղօղանջ է համայն քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւններու հետեւանքը՝ նոր ցեղասպանութիւններն են ու քաղաքակիրթ մարդկութեան անջնջելի խարանը։

Սիւզան Խարտալեանի «Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» Վաւերագրական ֆիլմը՝ Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման ահազանգող ղօղանջ է

Շուէտահայ լրագրող, հրապարակախօս, վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» փաստավաւերագրական ֆիլմը The Wiener Holocaust Library-ի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 30-ին պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի մէջ։

Երբ 21-րդ դարու զարգացած քաղաքակրթութեան աչքին դիմաց կ՚իրականացուի ամեհի եղեռն եւ միջազգային աշխարհը լուռ կը մնայ… Այս բովանդակութեան մէջ սկիզբ կ՚առնեն Խարտալեանի հարցազրոյցները այն եզիտի կիներուն հետ, որոնք վերապրած են ցեղասպանութեան ոդիսականը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետքարտուղարութիւնը 2023 Օգոստոս 3 թուակիր հաղորդագրութեամբ կը նշէ եզիտիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, հաստատելով որ ISIS-ը առեւանգած եւ սպաննած է հազարաւոր եզիտիներ՝ ստիպելով մանուկներուն դառնալ զինեալ, իսկ կանանց ու աղջիկներուն ենթարկած սեռական ստրկութեան։

«Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» Փաստավաւերագրական ժապաւէնը կը սկսի 2016-ին կայացած եզիտի Տալալի հետ հանդիպումով։ Խարտալեան կը պեղէ Տալալի զոհի հոգեվիճակը եւ կը յայտնաբերէ, որ այն ինչ որ Տալալի ցեղասպանական փորձառութիւնն է՝ իր եղեռնախոց ժառանգի իրավիճակն է։ Գոյութենական հասկացութեան բոլոր շերտերը ճեղքելով՝ բեմադրիչը կ՚ընդլայնէ զոհի զգայարանային ըմբռնումի (perception) շրջագիծը, ցեղի մը անէացման եւ միւս ճակատագրակից ժողովուրդի պատմութեան հետ առընթեր։

Ականատեսներու վաւերագրականութիւնը փաստագրելու գործընթացին մէջ, բեմադրիչը ձեռք կ’երկարէ զոհերուն եւ տրամախօսութեան հաղորդակից պահերը կը ստեղծէ, որու ընթացքին ծալք-ծալք կը բացուին եզիտիներու խաչելութեանց պատումները։ Սինժարի 7500 եզիտի կիներու ստրկացումն ու բռնաբարումը կը համապատասխանէ Հայոց Ցեղասպանութեան կիներու դէմ գործուած բռնութեանց արհաւալից արարին։ Վերապրող Լամիան՝ Քոչու գիւղէն է։ ISIS-ի ահաբեկիչները գիւղը գրաւելով եզիտիներուն երեք օրուան պայմանաժամ կու տան իսլամադաւան դառնալու։ Եզիտիները կը մերժեն։ 2014 թուականի Օգոոտոս 15-ին կը սկսի Քոչուի սպանդը։ 600 տղամարդ կը գլխատուին, իսկ հարիւրաւոր երեխաներ եւ կիներ կը գերեվարուին։ Լամիայի տարագրութեան, խոշտանգման եւ ապա փախուստի ճանապարհի պատմութիւնը՝ սրտակեղեք է եւ սահմռկեցուցիչ։

Ականատեսի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած բեմադրիչի անձնական վերյուշները կը ցայթին պաստառին վրայ։ Երկու տասնամեակ առաջ, բեմադրիչ Խարտալեան խիզախութիւնը ունեցաւ յայտնաբերելու եւ հանրութեան յանձնելու իր մեծ մօր ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին ոդիսականին նուիրուած «Մեծ մօր դաջուածքները» վաւերագրական ժպաւէնը, ուր Խարտալեան յանդգնօրէն ծալքերը կը բանայ անձնական հոգեխոցի մը ու կը ներկայացնէ վերապրող իր հարազատ մեծ մօր խոցոտուած հոգեկան ներաշխարհն ու պատմութիւնը։

Պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու համար խարտալեանի ազդու զէնքը՝ բեմադրիչի իր ոսպնեակն է. Սիւզանի վաւերագրական ստեղծագործական միտքը կը ծաւալի պաստառին վրայ, եւ 21-րդ դարու քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց վերստին կը բացայայտէ ցեղասպանութեան զոհ եզիտիներու անպատմելի մղձաւանջները, բռնաբարութիւնը, կորուստը, կսկիծը, անհատի իրաւունքի ոտնահարումը, բռնի կրօնափոխութիւնը, եւ այլ տիպի հոգեկան կոտտանքներ ու մորոմոքներ, որոնք ցկեանս պիտի հալածեն զոհը, վերապրողն ու բռնադատուածը։

Իսլամական պետութեան ահաբեկիչներու կողմէ եզիտիներու ցեղասպանութեան, եզիտի կանանց առեւանգման, բռնաբարութեան մասին վաւերագրելով, Տալալի, Ղասունի եւ Լամիայի վկայութիւններով բեմադրիչը պատմական յիշողութեան կամուրջը կը կառուցէ ճակատագրակից հայ եւ եզիտի ազգերու դժնդակալից պատմական ողբերգութեանց։ 5 տարի Գերմանիոյ մէջ արխիւագրելով եզիտուհիներու ցեղասպանութեան արհաւիրքի եւ եզիտի դեռատի աղջիկներու սեռական ստրկութեան սահմռկեցուցիչ պատմութիւնները, Խարտալեան կը վերակենդանացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր ազգին ու գերդաստանի նահապետուհիին հանդէպ կատարուած եղեռնագործութիւնները՝ եզիտուհիներու վկայութեանց ընդմէջէն։

Ցեղային բնաջնջումը, սպանդն ու սեռային ստրկութիւնը՝ ազգերու կենսագործունէութեան սպառնալիքներն են։ Խարտալեանի փաստավաւերագրական վկայութիւնը սուր ահազանգող ղօղանջ է համայն քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւններու հետեւանքը՝ նոր ցեղասպանութիւններն են ու քաղաքակիրթ մարդկութեան անջնջելի խարանը։

2012 թուականի Ապրիլին կը մահանար Խարտալեանի «Մեծ մօր դաջուածքները» ֆիլմի վկաներէն՝ 105-ամեայ Մարիա Վարդանեանը։ 1915-ին, յանցագործներն ու բռնակալները դաջուածքներ դրոշմած էին Մարիային եւ իր նման 300.000 այլ գերեվարուած հայուհիներու մարմիններուն՝ դէմքերուն եւ ձեռքերուն վրայ։ Մարիայի մահուան առիթով, Խարտալեան գրած էր. «Հպարտ հայուհի, ուժեղ կին, որ քաջութիւնն ունեցաւ ըսելու այն ինչ որ կարելի չէր ըսել, պատմել: Պատմեց ու պատգամեց երբեք չմոռնալ, երբեք…»։

Երբեք…

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 08:00