Որոնել

Պոլսոյ մէջ ցոյցեր Պոլսոյ մէջ ցոյցեր 

Հակառակ բազմապիսի արգելքներու. 24 Ապրիլեան ձեռնարկեր Պոլսոյ մէջ

Պոլսոյ մէջ հակառակ բազմապիսի արգելքներու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու ոգեկոչման օրը՝ 24 Ապրիլին պիտի կայացուին տարբեր միջոցառումներ։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը,

Կրկին թեւակոխած ենք 24 Ապրիլի շաբաթը, որ իր կարգին հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրն է։ Համավարակի տարիներուն կամքին անկախ կերպով առցանց դրութիւնով կայացող յիշատակման միջոցառումները յաջորդող տարիներուն ալ արժանացան Իսթանպուլի կուսակալութեան յարուցած արգելքներուն

Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ սոյն միջոցառումներու գլխաւոր կազմակերպիչ «ՏուրՏէ» հարթակը պատկան իշխանութիւններուն դիմում կատարած է 24 Ապրիլ Չորեքշաբթի, երեկոյեան 19.15-ին Քատըգիւղ Սիւրէյյա Օփերայի մուտքին միջոցառում կատարելու համար։

Թերթս տպագրութեան յանձնուած ժամերուն տակաւին չէր յստակացած ոստիկանութեան եւ կուսակալութեան պատասխանները։

Հրանդ Տինք Հիմնարկը իր կարգին «Յիշատակում եւ այլընտրանքային ապագայի մը համար 23,5 Յիշողութեան Վայրի մէջ մէկտեղում» խորագրով նախագիծ մը մշակած է, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը 20-27 Ապրիլ թուականներու միջեւ։

Այսպէս նախատեսուած է Նեսլիհան Քոյունճու Պալի, Հերա Պիւյիւքթաշճեան, Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ եւ Այլին Վարդանեանի ղեկավարութեամբ զանազան աշխատանոցներ։

Առաջին միջոցառումը կը կրէ «Յիշողութեան որմազդ» անունը, ուր առաջին հերթին 24 Ապրիլի գիշեր ձերբակալուած հայ մտաւորականներու անունները պիտի տեղադրուին որմազդի մը վրայ։ Այցելուներ որմազդի ազատ մասերուն վրայ պիտի կրնան իրենց այս բովանդակութեան յուշերը կամ զգացումները դրսեւորող փոքրիկ գրութիւններ զետեղել։

Հիմնարկի կոչին մէջ Կ՚ըսուի թէ ցանկացողներ յիշատակել ուզածներուն նկարները եւս պիտի կրնան կպցնել որմազդին։

Երկրորդ միջոցառումը ներշնչուած է ժամանակակից արուեստագէտ Սարգիսի «Ռեսփիրօ» անուն գործէն, որ տեղադրում մըն է ձօնուած յուսալի ապագայի մը։ Այստեղ կ՚առաջարկուի մանկամարդ մասնակիցներու մատնահետքերը դրոշմել ծիածանի գոյներուն վրայ։

Գ. միջոցառումը դարձեալ խօսք կ՚ուղղէ անչափահասներուն եւ դարձեալ ներշնչուած է Սարգիսի «Աղ եւ լոյս» անուն գործէն։ Այստեղ ալ Նեսլիհան Քոյունճու Պալիի ուղեկցութեամբ մասնակիցները իրենց մատնահետքերը պիտի թողուն պատին ագուցուած հայելիի վրայ։

Չորրորդ միջոցառումը 21 Ապրիլ ժամը 15։00, 23 Ապրիլ ժամը 19։00, 25 Ապրիլ ժամը 11։00 (Անգլերէնով) եւ 26 Ապրիլ ժամը 15։00-ին ուղեցոյցի մը ընկերակցութեամբ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրի շրջագայութիւնն է։

Միջոցառման հինգերորդ հանգրուանին Նայաթ Գարաքէօսէ կը ներկայացնէ աշխարհի վրայ ցեղասպանութիւններու, ցեղային խտրականութիւններու, զինուորական իշխանափոխութիւններու եւ պատերազմներու նման բռնութեան դէպքերու յիշողութիւնը վառ պահող վայրերու, թանգարաններու եւ յուշարձաններու համայնապատկերը։

Հերա Պիւյիւքթաշճեան «Նախորդ օրուայ դիմանկարը» խորագիրով աշխատանոցի մէջ իրերու խորհրդանշումները յայտնաբերող եւ ժամանակագրական բնոյթով զրոյցի մը ժողովավայրը պիտի ըլլայ։

Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ եւ Այլին Վարդանեան «24 Ապրիլ 1915, Իսթանպուլ, Չանքըրը, Այաշ, Անգարա» անուն գիրքի բովանդակութենէն ընտրուած բանաւոր պատմութեան օրինակներով հետեւողներուն պիտի ներկայացնէ հայ մտաւորականներ Խաչիկ Իտարէճիեան, Սարգիս Մինասեան, Արամ Անտոնեան, Ռուբէն Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան, Տիգրան Սըվաճեան եւ Կոմիտաս Վարդապետի մասին վկայութիւններ։

Վերջին միջոցառումը կը կրէ «Հայ մշակոյթի ու պատմութեան հայեացք մը Հրանդ Տինքի աշխատասենեակէն» խորագիրով։ Աշխատանոցը նախատեսուած ձեռնարկներու վերջինն է։ Բոլորին համար աւելի մանրամասն տեղեկութեան համար կարելի է դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկի պաշտօնական կայքէջին։

Քաղուած ՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2024, 08:00