Որոնել

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ  Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը 

Գարեգին Բ. ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը

Կաթողիկոսը ողջունեց անոր այցելութիւնը, եւ հանդիպումը պատեհ առիթ նկատեց ծանօթանալու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան առջեւ դրուած հարցերուն:
Ունկնդրէ լուրը

16 Ապրիլին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը:

Կաթողիկոսը ողջունեց անոր այցելութիւնը, եւ հանդիպումը պատեհ առիթ նկատեց ծանօթանալու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան առջեւ դրուած հարցերուն:

Գարեգին Բ. իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայի լարուածութեան եւ սահմանամերձ բնակավայրերու ժողովուրդին ապահովութեան գծով` ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ առաջադրուող պահանջները ապահովական նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն Հայաստանը, նաեւ վտանգելով խաղաղութեան հաստատման բանակցային գործընթացը:

Կաթողիկոսը գնահատեց բոլոր այն ջանքերը, զորս տիրող դժուար իրավիճակին մէջ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներուն աջակցութեամբ կը գործադրուին՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման:

Իր կարգին Ռիթըր վեհափառին տեղեկութիւններ փոխանցեց դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան եւ սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ` վստահեցնելով, որ առաքելութեան կողմէ կարելին կը գործադրուի ` նպաստելու սահմանային լարուածութեան նուազեցման եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան հաստատման։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 09:00