Որոնել

2024.04.08 CHIESA ZORAKHACH IN ARTSAKH

Քաշաթաղի Զօրախաչ Եկեղեցին ազրպէյճանցիները Իբրեւ Աղուանական Կը Նե

Զօրախաչի եկեղեցին կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ (այժմ՝ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ), Բերձորէն 52 քիլոմեթր հիւսիս, Հակարի գետի Շալվա վտակի ձախակողմեան հատուածին մէջ, Արախիշ գիւղի տարածքին մէջ:

Ազրպէյճանի պետական վարչակարգը կը շարունակէ իւրացնել եւ ոչնչացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը։ Հայքի մշակութային իրաւունքներու պաշտպան Յովիկ Աւանէսով կը յայտնէ, որ Ապրիլ 4-ին ազրպէյճանական ընկերային ցանցային հարթակներու վրայ տարածուած էր տեսանիւթ, որ նկարահանուած է Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջանին մէջ, տեսանիւթով Քաշաթաղի շրջանին մէջ գտնուող Զօրախաչ եկեղեցին կը ներկայացուի իբրեւ աղուանական։ Ան կ՝ընդգծէ, որ այս քաղաքականութեամբ կը խեղաթիւրուի պատմութիւնը։

Զօրախաչի եկեղեցին կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ (այժմ՝ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ), Բերձորէն 52 քիլոմեթր հիւսիս, Հակարի գետի Շալվա վտակի ձախակողմեան հատուածին մէջ, Արախիշ գիւղի տարածքին մէջ:

«Ազրպէյճանը իբրեւ աղուանական կը ներկայացնէ ոչ միայն Արցախի ու Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան զգալի մասը, այլ նաեւ՝ Տաթեւի վանքը, Հառիճավանքը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, Հաղարծինի վանքը, Գոշավանքը, Հաղպատի վանական համալիրը, Սեւանավանքը, Գեղարդավանքը, Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցին եւ այլ հոգեւոր մշակութային արժէքներ»,- գրած է Յ. Աւանէսովը։

Ըստ «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագր 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանտալութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուէհարդարի ցանկացած գործողութիւն։ Հաագայի 1954 թուականի առաջին արձանագրութիւնը կ՝արգիլէ գրաւուած տարածքներու մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2024, 08:07