Մարդկութեան զոհը՝ երկիր մոլորակը
Իւրաքանչիւր արարածի հասարակաց բնակավայրն է երկիր մոլորակը։ Հակառակ բանականութեամբ օժտուած ըլլալուն՝ ալարկոտ, որկրամոլ ու ծոյլ բնաւորութեամբ մարդկութիւնը դարեր շարունակ իր հանգստութեան ու քմահաճոյքին համար գորշացուցած է բնութեան երանգապնակի հարուստ գոյները եւ արագօրէն կ՚ընթանայ դէպի կործանում։ Կանաչապատ տարածքներ, անտառներ դարձած են անապատի եւ տակաւին… Ագահ մարդկութիւնը թէ՛ իր առօրեան դիւրացնելու եւ թէ ժամանակ խնայելու նպատակով կեղեքած ու լափած է բնութեան հրաշագեղ գոյները ու անտարբեր մնացած է անոր ահազանգին։ Դարերով շատերու միտքը կը զբաղեցնէ սա հարցումը. «Մարդ ինչո՞ւ կը կտրէ այն ճիւղը, որու վրայ նստած է»։ Մարդ ինչո՞ւ կ՚ոչնչացնէ իր կեանքի ակունքը հանդիսացող բնութեան պաշարները։ Իր իսկ շնչած օդի ապականման, խմած ջուրի կեղտոտման միակ մեղաւորը կը հանդիսանայ մարդկութիւնը եւ բնութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պատճառ դարձած է բնական համակարգերու անդառնալի փոփոխութեան։ Մարդաշէն գործարաններու, աթոմակայաններու տարրալուծական թափօնները շրջակայ միջավայրերը կ՚ապականեն եւ զանգուածաբար կ՚ոչնչանան բոյսեր, կենդանիներ, նոյնիսկ՝ մարդիկ։ Գետակներ կը հոսին թունաւոր ջուրերով, ծովափներ, ովկիանոսներ լի են կերպընկալէ թափօններով…
Մարդոց գործած անխնայ արարքներու թիրախը դարձած է ո՛չ միայն բնութիւնը, այլեւ երկրի միւս բնակիչները՝ անասունները։ Մարդիկ, որոնք կը սիրեն իրենց բնակարաններուն մէջ պահել ընտանի կենդանիներ՝ մանաւանդ շուն կամ կատու, շատ հոգատար կ՚ըլլան այդ կենդանիներուն նկատմամբ եւ զանոնք կը համարեն որպէս ընտանիքի մէկ անդամը։ Յատուկ խնամքի արժանացած կենդանիներ յաճախ ապահով ու հանգիստ կեանք մը կ՚ունենան, սակայն սա ցաւալի իրողութիւն է, թէ աշխարհի միւս անասունները այսքան բախտաւոր չեն ըլլար։
Մարդ բարձրաբերձ պանդոկներ, երկնաքերներ, գործարաններ, բնակարաններ, ճանապարհներ շինելու համար կործանած է անասուններու բնակավայրերը՝ նոյնիսկ ջարդելով զանոնք։ Բազում զբաղումներ ունենալով հանդերձ՝ մարդ որսացած է կենդանիները եւ այս մէկը անուանած՝ որպէս մարզական ճիւղ։ Այսքանով չէ յագեցած մարդ արարածը. զրկած է խեղճ անասունները իրենց բնական վայրերէն, զանոնք արգելափակած է ցուրտ տարրալուծարաններու մէջ, ենթարկած է ահռելի ցաւ ու վնաս պատճառող փորձերու, իսկ յետոյ արիւնլուայ անասունները մէկդի նետած է աղբի մը նման։ Կէս ժամ նուազ քալելու նպատակով կը հեծնէ խեղճ կենդանիները եւ սարսափելիօրէն կը պատժէ այն պարագային, երբ կենդանին մերժէ իրականացնել անոր փափաքը։
Միջնակարգի կամ նախակրթարանի աշակերտներու անմոռանալի պահերը անկասկած տեղի կ՚ունենան պտոյտներու ընթացքին։ Այդ պտոյտներէն մին է նաեւ կենդանաբանական այգիներ կատարուած այցելութիւնները։ Սա լաւ առիթ մը կը համարուի ծանօթանալու համար կենդանիներու կեանքին եւ յատկութիւններուն։ Սակայն այդ պտոյտներու ընթացքին ակամայ կը հարցնէի հետեւեալ հարցումները. ինչո՞ւ կենդանիներու բնականոն կեանքը խանգարած ու բերած են այստեղ։ Ինչպէ՞ս նորածին կենդանիները իրենց բնական կեանքէն հեռացնելով, զրկելով կը բանտարկեն սահմանափակ տարածքներու ներքեւ եւ կը պարտադրեն ընկճուած վիճակով ապրելու։ Ինչպէ՞ս զանոնք չարչարանքով կը դաստիարակեն, որպէսզի անոնք «բարի» ըլլան…
Պատերազմներն ալ ահռելի վնաս կը պատճառեն բնութեան եւ անոր բնակիչներուն։ Ներկայիս գրեթէ իւրաքանչիւր մայրցամաքի վրայ կ՚ընթանան պատերազմներ, որոնք կը քանդեն անասուններու բնակավայրերը, կ՚ոչնչացնեն անոնց սնունդը եւ նոյնիսկ անոնց մահուան պատճառ կը դառնան։
Այս փաստերը անշուշտ չեն վերաբերիր բոլոր մարդոց։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք զանազան կազմակերպութիւններու տակ կամաւորներ համախմբելով աշխատանք կը տանին բնապահպանական խնդիրներու բարելաւման եւ հարցերու լուծման համար։ Անոնք յօդուածներ ու հետազօտութիւններ հրատարակելով, վաւերագրական շարժանկարներ նկարահանելով կը ջանան արձագանգել եւ իրազեկել այլ մարդիկ՝ հաւանական աղէտներու, մարդոց կատարած ապօրինի աշխատանքներու ազդեցութիւններու եւ այլ տագնապեցուցիչ փաստերու մասին։
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ