Որոնել

Մեսրոպեան վարժարան. Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելից Մեսրոպեան վարժարան. Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելից 

Մեսրոպեան վարժարանը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը:

23 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան վարժարանի բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ: Աշակերտները ներկայացած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով, բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհ հայ գրողներու անունները կրող եւ պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ: Ներկայ էր Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Վանա Յարութիւնեան: Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա եւ անոր դաշնակից Ազրպէյճան կը շարունակեն հայաջինջ իրենց քաղաքականութիւնը եւ կ՛ուզեն իրականացնել համաթուրանական իրենց ծրագիրները: Վանա շեշտեց, որ հայ երիտասարդ սերունդը պարտի լաւ ճանչնալ իր ժողովուրդին պատմութիւնը, վերլուծել ու հասկնալ զայն, դասեր քաղել անորմէ եւ զինուած 21-րդ դարուն համապատասխան գիտելիքներով՝ յառաջ տանի մեր արդար պայքարը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Նայիրի Առնէլեան (տուտուկ), Գ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ (ասմունք), Արմէն Գարօ Թերզեան (տհոլ), Քարէն Եխէյեան (ասմունք), աշակերտական նուագախումբը (Վարդի Չալեան, Ճօ Յարութիւնեան, Հրակ Թարայեան, Միքայէլ Ռասլան, Վանա Ռիթա Հալլաճեան, Նայիրի Առնէլեան, Անթոնի Ղազալ, Յակոբ Անտոնեան, Մարիա Ճէսիքա Խաշոլեան), Ծաղիկ դասարանի աշակերտները (թատերական պատկեր) եւ Ծիծեռնարկ երգչախումբը:

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան կոչ ուղղեց յատկապէս բարձր կարգի աշակերտներուն, որ իրենց հասուն կեանքին մէջ դիւանագէտ-դեսպանները ըլլան Հայ դատին եւ իրենց մտաւոր ուժը ի սպաս դնեն հայ ազգի պայքարին: Պարոն Գալուստ համոզում յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայ օր մը պիտի վերադառնայ իր պապերու կորուսեալ երկիրը, պիտի վերականգնէ քանդուած եկեղեցիները ու այնտեղէն գոհութեան աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած՝ արդարութեան յաղթանակին համար:

Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ յորդորեց աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք շուտով պիտի ընդունուին համալսարաններ, որ իւրաքանչիւր 24 Ապրիլի իրենց կրթական նոր միջավայրերուն մէջ արժանաւորապէս նշեն Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ծանօթացնեն մեր դատը իրենց ոչ-հայազգի ընկերներուն: Պահպանիչէն ետք, եւ Տէրունական աղօթքին ընկերակցութեամբ, Տէր Ռաֆֆի կատարեց վարդերու օրհնութիւնը, որմէ ետք հանդիսութեան մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակին առջեւ: Աւելի ուշ, նման այց կատարեցին նաեւ մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները:

Հանդիսութենէն ետք, Մեսրոպեանի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները այցելեցին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Մեծ եղեռնի յուշակոթողին առջեւ հայրենասիրական երգով մը յարգանքի տուրք մատուցեցին մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն, ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 08:22