Որոնել

Mo: Unicef, 25% ragazzi abbandona scuola in Palestina

Գահիրէի մէջ Կազայի շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն «Սանտէյ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Բրիտանիոյ Իսրայէլին աջակցութիւնը առանց պայմաններու չէ` «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի աշխատակիցներու մահը նկատելով «ողբերգական եւ որմէ կարելի էր խուսափիլ»:

Երէկ Գահիրէի մէջ ընթացք առաւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններու նոր փուլ մը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը վաղը պիտի մեկնի Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի հրաւէրին: Կառչած կը մնանք 14 մարտին մեր ներկայացուցած կեցուածքին, որ (իսրայէլեան) յարձակումին վերջ տալու բնական պահանջն է եւ անկէ զիջում չկայ»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը երէկ որոշեց ընդլայնել իսրայէլեան պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ պատուիրակութիւնը գործուղել Գահիրէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, պատուիրակութեան ղեկավարներն են արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պերնաղը եւ ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնան Պարը:

Գահիրէի բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը, Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավարը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը յայտարարեց, որ Թել Աւիւ պատրաստ է գերիներու փոխանակում կատարելու, սակայն Համասի ծայրայեղական պայմանները պիտի չգործադրէ: Ըստ անոր, պաղեստինեան շարժումը կը փորձէ Իսրայէլի վրայ միջազգային ճնշումէն օգտուելով շահեր ապահովել: «Ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ընդգծեց Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ, որ առանց գերիներու վերադարձին զինադադար պիտի չըլլայ, եւ պնդեց, որ Իսրայէլ յաղթանակէն մէկ քայլ հեռաւորութեան վրայ է, թէեւ անոր վճարած գինը ցաւալի էր:

Նեթանիահու Իրանը ամբաստանեց իր կամակատարներուն ճամբով Իսրայէլի դէմ յարձակումներուն ետին կանգնելու յանցանքով` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի խորքին մէջ սահմանէն 100 եւ աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ հարուածած է:

Աղբիւրներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Համաս Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին պահանջած է պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարներուն հետապնդումն ու թիրախաւորումը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ պահանջած է, որ Իսրայէլ հեռանայ Կազայէն, որպէսզի բանակցութիւններուն աւելի մասնակից դառնայ: Համաս նաեւ բնակիչներու Կազայի հիւսիս առանց նախապայմաններու վերադարձը իբրեւ նախապայման ճշդած է:

Համաս առաջարկած է բանակցութիւններու ընթացքին երկարատեւ զինադուլ հաստատել եւ չառաջարկել կամ չքննարկել պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարները Կազայէն աքսորելու հարցը:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակի 98-րդ զօրամասը իր երեք ջոկատներով հեռացած է Խան Եունես շրջանէն` ընդգծելով, որ Կազայի մէջ մնացած է միայն «Նահալ» զօրամասը, որ Կազայի հիւսիսը հարաւէն բաժնող «Նեցարիմ» անցքին մէջ կը գործէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ 98-րդ զօրամասի Խան Եունեսէն հեռանալը Ռաֆահի գործողութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ է: «Ետիոթ Ահրոնոթ» իր կարգին նշեց, որ Խան Եունեսէն հեռացումը կապ չունի Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներուն հետ, իսկ անոր նպատակը գաղթականներուն Ռաֆահէն հեռանալու վայրեր տրամադրելն է:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն «Սանտէյ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Բրիտանիոյ Իսրայէլին աջակցութիւնը առանց պայմաններու չէ` «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի աշխատակիցներու մահը նկատելով «ողբերգական եւ որմէ կարելի էր խուսափիլ»:

Քամերոն զգուշացուց, որ Բրիտանիան հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ Իսրայէլը այդ յարձակումին պատճառով 3 բրիտանացիներու սպանութեան համար: Ան, սակայն, մերժեց խօսիլ այդ յարձակումէն ետք Իսրայէլի զէնքերու արտածումները առկախելու մասին հետզհետէ աւելցող պահանջներուն մասին, նաեւ մերժեց այն պնդումները, թէ բրիտանական կառավարութիւնը կը նուազեցնէ միջադէպին կարեւորութիւնը` Իսրայէլի զայրոյթը յառաջացնելէ խուսափելու համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2024, 08:01