Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը հայերու ցեղային զտում է. Իտալացի Պատգամաւոր
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, «Լեկա» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Փաուլօ Ֆորմենթինի արձագանգեց եւրոատլանտեան հանրութեան Հայաստանի ամբողջական համարկման կարելիութեան մասին իր հարցումին` Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Ճորճիօ Սիլլիի տուած պատասխանին։
«Կ՛ակնկալենք, որ Իտալիան իր ամբողջական աջակցութիւնը պիտի տրամադրէ եւրոատլանտեան համայնքին՝ Հայաստանի համարկման: Եւ անիկա իսկապէս աւելին է, քան զուտ ակնկալութիւն: Մենք մնայուն կերպով պիտի շարունակենք պնդել այդ, որովհետեւ ինչպէս արդէն նշած ենք, Իտալիա առեւտրական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ամուր կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ, բայց այդ չի նշանակեր եւ պէտք չէ նշանակէ, որ մենք պէտք է ամբողջ ժողովուրդ մը ձգենք ճակատագիրի քմահաճոյքին: Պէտք է մնայուն կերպով յիշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը, քանի որ անիկա, ինչ որ պարզապէս, պարզունակ ձեւով կը բնորոշուի իբրեւ այսպէս կոչուած « ատրպէյճանական հողերէն վտարում »` այնտեղ հազարամեակներ ապրած հայերու ցեղային զտում է: Այլ ձեւով չենք կրնար որակել տեղի ունեցածը: Պէտք է գիտակցիլ անոր: Շատ մը լուծումներ կրնան ըլլալ: Սակայն, այդ մէկը նկատի չառնուեցաւ, եւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան», յայտարարեց Ֆորմենթինի:
Ան յատկապէս շեշտեց, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ պէտք է ապահովուի այդ տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմանատուներու պաշտպանութիւնը, որպէսզի անոնք նոյնպէս չվերացուին:
«Եւ այս ամէնը` 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցի` Ապրիլ 24ին նախօրէին: Ասիկա իսկապէս յարգանքի տուրք է խաղաղութեան: Համոզուած եմ եւ յոյս ունիմ, որ ըլլայ իսկական խաղաղութիւն, որ պիտի յարգէ պատմական տարածքները, պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ ժողովուրդի իրաւունքները: Մենք այս բոլորը պէտք չէ մոռնանք Ատրպէյճանի հետ մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն ընթացքին: Եւ եթէ մենք Հայաստանի պարագային նկատած ենք յառաջընթաց դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ նոր երկխօսութիւն (ինչպէս նշեց Սթոլթենպերկ) ՆԱԹՕի հետ, ապա պէտք է ըսենք նաեւ, որ, ըստ որոշ դիտարկումներու, հաւանաբար հակառակը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հետ սահմանակից երկրին մէջ», եզրափակեց Ֆորմենթինի:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ