Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Իսրայէլի կառավարութենէն ոստիկանութեան սկսած տեղահանութեան վերաբերեալ պատասխան կը պահանջէ
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Այսօր, 3 ապրիլ 2024-ին, մօտաւորապէս ժամը 11:00-ին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն` ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի գոյքը եւ յարձակելով հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ:
«Վտարումը կը ղեկավարէր Ասաֆ Հարել անունով սպան:
«Երբ սպաներու խումբէն պահանջուած է հայ հոգեւորականները եւ տեղացի հայերը բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու մասին արտօնագիր ներկայացնել, վերջիններս որեւէ արտօնութիւն կամ դատարանէն որոշում չեն ներկայացուցած եւ շարունակած են պաշտպանել ու աջակցիլ «Քսանա Կարտընզ»-ի ներկայացուցիչներուն` Հայոց պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար: Ապօրինի գործողութիւնները դադրեցնելու փորձի ընթացքին քանի մը ոստիկաններ շարունակաբար յայտարարած են, թէ եկած են արտօնագիրով, սակայն բնաւ չեն ներկայացուցած յիշեալ արտօնագիրը եւ ըսած են. «Մենք այստեղ ենք` պաշտպանելու «Քսանա Կարտընզ»-ի աշխատողներու իրաւունքները»:
«Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը Սուրբ Երկրի սրբատեղեաց պահապաններէն մէկն է եւ վերահսկողը Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մէկուն: Մենք կ’ակնկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց, ինչպէս որ տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ, եւ պատասխաններ կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն` այսօրուան իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան համար:
«Աներկբայ է, որ այսօրուան սադրանքները Հայկական թաղամասին եւ անոր օրինական հողերուն դէմ նախադէպ ստեղծելու փորձեր են: Մենք պիտի շարունակենք ամուր կենալ մեր դիրքերուն մէջ եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն ուշադրութիւնը խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ