Որոնել

2024.04.09 Mons. Nareg Alemezian

«Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» հատորին մասին դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի յարկին տակ

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան խօսեցաւ խրատներու կարեւորութեան եւ ուժին մասին` շեշտելով, որ անոնք կրնան իբրեւ ուղեցոյց ծառայել բոլորին: Տեղեկացուց, որ հատորը զանազան լեզուներու թարգմանութեան աշխատանք կը տարուի, որպէսզի տարբեր ազգեր եւս կարենան հաղորդուիլ Նարեկացիին ու անոր խրատներուն: Ան ըսաւ, որ իբրեւ բանական էակներ` մենք շատ աւելի մեծ պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան դէմ յանդիման ենք, ուստի պէտք է այս անկատար աշխարհին մէջ ձգտիլ կատարելիութեան:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 25 մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ   Նարեկ արք. Ալեէմէզեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» հատորին մասին, որուն հեղինակն է ինք:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Անի Պաղտիկեան, որ անդրադարձաւ վերոյիշեալ գիրքի ծնունդին` ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով անոր տուն տուած պատճառներուն: Ան գիրքը կարեւոր նկատեց այն առումով, որ Նարեկացին անգլերէնով եւ արեւմտահայերէնով հասանելի կը դարձնէ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ` բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք հետաքրքրուած են Հայ եկեղեցիով եւ Գրիգոր Նարեկացիով: Ան կարեւոր նկատեց «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» հատորը, որովհետեւ անոր ընդմէջէն ընթերցողը հոգեւոր կարեւոր սնունդ կը ստանայ եւ կը հաղորդուի Նարեկացիի խրատներով ու պատգամներով: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօսն ու վերոյիշեալ գիրքին հեղինակը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը:

Գեղարուեստական բաժինով Կարօ Քէլէշեան մեներգեց «Հաւուն հաւուն»-ը եւ «Սայլն այն իջաներ»-ը` խօսք եւ երաժշտութիւն Գրիգոր Նարեկացիի:Ապա խօսքը տրուեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ականներուն` այս նախաձեռնութեան համար, եւ գնահատեց անոնց տարած բարեսիրական աշխատանքը:

Իր խօսքի առաջին բաժինով ան ներկայացուց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կենսագրականը եւ շեշտեց, որ հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան` ան մեր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն է, որովհետեւ այսօր չկայ հայ տուն մը, ուր, Աստուածաշունչին կողքին, Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանը գոյութիւն չունենայ:

Սրբազանը ըսաւ, որ «Նարեկ»-ը շա՜տ շատերու համար հրաշագործ գիրք եղած է` օրինակներ տալով, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Նարեկացի ի՛նք հրաշքներ գործած է իր կեանքին ընթացքին եւ նոյնիսկ յետմահու` կրկին օրինակներ մէջբերելով:

Ընդգծելով գիրքին վերնագիրը` «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի», ան ըսաւ. «Մեր քրիստոնէական հաւատքը 2000 եւ աւելի տարիներէ ի վեր վառ մնացած է մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Մենք բնաւ չփորձուինք ըսելու, որ եթէ քրիստոնեայ չըլլայինք, ի՞նչ պիտի ըլլայինք, ի՞նչ յաջողութիւններ պիտի ունենայինք, քրիստոնէական հաւատքը մեզ տկարացուցած է: Պէտք է գիտնանք, որ ուղիղ հաւատքը կրնայ ոչ միայն անհատ մը պահել, այլ` ազգ մը անմահացնել: Երբ որեւէ բան կը կատարենք քրիստոնէական հաւատքով, միշտ մենք մեզի հարց պէտք է տանք, որ արդեօք մեր հաւատքը կենդանի՞ է»: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է գիտնալ, թէ պէտք է մեր հաւատքը միշտ վառ պահել, որովհետեւ մենք աղանդաւորներով շրջապատուած ենք. նոյնն էր վիճակը նաեւ անցեալին, որովհետեւ մարդիկ միշտ ալ շահագործած են կրօնը, բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները` ի գին նահատակութեան, ապրած, ապրեցուցած եւ սերունդներու փոխանցած են քրիստոնէական ուղղափառ, ճշմարիտ հաւատքը, եւ մենք անոնց ժառանգորդներն ենք:

Սրբազանը հաստատեց, որ ուղիղ հաւատքը բաւարար չէ, այլ ան պէտք է ըլլայ առաքինի ու մաքուր, դիտել տալով, որ քրիստոնէական հաւատքը կ՛ապրի եւ կ՛ամրապնդուի, երբ կայ մթնոլորտը, տան մէջ այս առումով աշխատանք կը տարուի, նոր սերունդներ եկեղեցւոյ հետ կապի մէջ կ՛ըլլան` ծնողներուն թելադրութեամբ ու օրինակով:

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան խօսեցաւ խրատներու կարեւորութեան եւ ուժին մասին` շեշտելով, որ անոնք կրնան իբրեւ ուղեցոյց ծառայել բոլորին: Տեղեկացուց, որ հատորը զանազան լեզուներու թարգմանութեան աշխատանք կը տարուի, որպէսզի տարբեր ազգեր եւս կարենան հաղորդուիլ Նարեկացիին ու անոր խրատներուն: Ան ըսաւ, որ իբրեւ բանական էակներ` մենք շատ աւելի մեծ պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան դէմ յանդիման ենք, ուստի պէտք է այս անկատար աշխարհին մէջ ձգտիլ կատարելիութեան:

Սրբազան հայրը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց` սեղմ ակնարկ մը նետելով «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» գիրքին ենթաբաժանումներուն վրայ, եւ բացատրեց անոնց թելադրականութիւնը այսօր` մեր հայ քրիստոնեայի կենցաղավարութեան համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 08:15