Ռուբէն Վարդանեանին արտօնուեցաւ ընտանիքին հետ կապ հաստատել
Պաքուի բանտին մէջ առաւել քան երկու շաբաթ առանց որեւէ կապի իրաւունքի՝ մեկուսացման մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանին առաջին անգամ թոյլատրուեցաւ կապ հաստատել ընտանիքին հետ: Այս մասին յայտարարեց Արցախի նախկին պետական նախարարին ընտանիքը:
«Դա տեղի է ունեցել հրատապ կոչով միջազգային հանրութեանը դիմելուց եւ Ռուբէն Վարդանեանի կողմից հացադուլ սկսելու մասին յայտնելուց յետոյ», կ՛ըսուի Վարդանեանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ռուբէն Վարդանեան, ըստ ընտանիքին, յայտնած է, որ այս ընթացքին գտնուած է ամբողջական մեկուսացման մէջ եւ նոյնիսկ կարդալու կարելիութիւն չէ ունեցած: «Որքանով մեզ է յայտնի՝ նրա միայն արեան ճնշումն են չափել եւ ուրիշ ոչինչ, ինչը մեզ աւելի է անհանգստացնում նրա առողջական վիճակի վատթարացման հետ կապուած: Ռուբէն Վարդանեանը վերջում ասել է. «Ես հիմա աւելի քան երբեւէ համոզուած եմ, որ արժէքներն ու սկզբունքներն առաւել կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ, ուր Վարդանեան կը նկատուի քաղաքական բանտարկեալ:
Վարդանեանի ընտանիքը պահանջեց, որ Ատրպէյճան արտօնութիւն տայ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ անյապաղ այցելել անոր, «որպէսզի նրա առողջական վիճակի մասին ունենանք անկախ ապացոյցներ եւ համոզուած լինենք, որ հացադուլի ընթացքում նրան ցուցաբերւում է պատշաճ բժշկական օգնութիւն»:
«Մենք վերահաստատում ենք Ռուբէնի պահանջը՝ անյապաղ կերպով եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել Ադրբեջանում պահուող հայ բանտարկեալներին», յայտարարեց Վարդանեանի ընտանիքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով «միջազգային հանրութեանը, լրատուամիջոցներին եւ բոլոր նրանց, ովքեր այս օրերին գրում եւ խօսում են Ռուբէնի մասին»:
Այս մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան՝ շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ունի ամէն քայլ գործադրելու իրաւական ուղղակի պարտաւորութիւն՝ անօրինական հետապնդումներէ մեր բոլոր հայրենակիցները ազատելու եւ նորերը թոյլ չտալու համար:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ