Որոնել

Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան 

Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է

Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեանը յայտարարած է, որ խորապէս մտահոգուած է իր հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսած զայն: 5 ապրիլէն` հացադուլը սկսելէ ի վեր, անոր հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցած», նշած է Դաւիթ Վարդանեան:

28 սեպտեմբեր 2023-էն Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը 5 ապրիլէն հացադուլ յայտարարած է, կը տեղեկացնէ Վարդանեանի ընտանիքը:

Արցախի նախկին պետական նախարարը կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալներուն:

Ընտանիքը կը նշէ, որ հացադուլը սկսելէ ետք դադրեցուած են անոր հեռաձայնային զանգերը: Ընտանիքը սա միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններու բացայայտ խախտում կ՛որակէ նաեւ նշելով, որ յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի տեղափոխուած է մինչեւ մայիս:

Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեանը յայտարարած է, որ խորապէս մտահոգուած է իր հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսած զայն: 5 ապրիլէն` հացադուլը սկսելէ ի վեր, անոր հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցած», նշած է Դաւիթ Վարդանեան:

Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի կարելիութիւն տայ Միջազգային կարմիր խաչին` Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս բանտարկեալներուն վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռաձայնային կապը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, «ՔՈՓ 29»-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ` առանց նշուած քայլերու իրագործման:

Ազրպէյճանական կողմը Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլի մասին ոչինչ յայտնած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 08:33