30 տարի առաջ սկսաւ Թուցիներու ցեղասպանութիւնը Ռուանտայի մէջ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ գտնուող Ճիզոցիի յուշակոթողի կրակը վառելով Ռուանտան նշեց ցեղասպանութեան 30ամեակը․ 100 օր տեւած ջարդերու ընթացքին զոհուեցան 800 հազար մարդ՝ գլխաւորապէս Թուցի ցեղախմբին պատկանող: Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէն, որ իր աշխարհազօրականներով նպաստած է բռնութիւններու դադարեցմանը եւ 2000 թուականէն Երկիրի ղեկավարն է, ոգեկոչումի արարողութիւնը նախագահեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Փիլ Քլինթընի և Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոգի ներկայութեամբ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը երեք տարի առաջ ճանչցած է ցեղասպանութեան մէջ Ֆրանսայի պատասխանատուութիւնը, որ որպէս սերտ դաշնակից Հութու ցեղախումբի ղեկավարութեան կառավարութեան, չէ կասեցուցած այդ յանցագործութիւնը։ Մաքրոնը՝ յոբելեանի կապակցութեամբ յղած լսատեսողական պատգամի մէջ, կրկնած է միջազգային հանրութեան թերութիւնները։
Հարիւր օր բռնութիւն
Թուցիներուն դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը կը սկսի 6 Ապրիլ, 1994-ին, երբ Ռուանտայի նախագահ Ժուվենալ Հապիարիմանայի, որ հութու ցեղախումբին մաս կը կազմէր, օդանաւը կը հրթիռակոծուի եւ անոր բոլոր ուղեւորները կը մահանան։
Դէպքի պատասխանատուութիւնը մինչ օրս չէ յստակեցուած, սակայն այդ թուականէն սկսեալ Երկրին մէջ իրավիճակը կը վատթարանայ՝ սկիզբ տալով սարսափելի ոճիրի մը, որ կը տեւէ 100 օր՝ 7 ապրիլէն մինչեւ 19 Յուլիս՝ պատճառելով աւելի քան 800 հազար զոհ՝ այսինքն երկրի բնակչութեան 20 տոկոսը, մինչեւ որ Թուցի յեղափոխականները Փոլ Քակամէի հրամանատարութեամբ կը գրաւեն Քիկալին՝ տապալելով Հութու ցեղախումբի կառավարութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ