Վերջին 25 տարուան մէջ հզօրագոյնը. Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Թայուանը
25 տարի առաջ` 1999-ին Թայուանի մէջ արձանագրուած 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի պատճառով շուրջ 2400 անձեր մահացան եւ 50 հազար շէնքեր ամբողջովին կամ մասամբ քանդուեցան:
7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թայուանը` պատճառելով 4 զոհ եւ 711 վիրաւոր: Ասիկա վերջին 25 տարուան ընթացքին կղզին հարուածած հզօրագոյն երկրաշարժն էր:
Երկրաշարժը, որուն կեդրոնը կղզիի ծովեզերքէն 15,5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր, տեղի ունեցաւ Թայուանի ժամանակացոյցով ժամը 7:58-ին:
Ֆիլիփինի եւ Ճափոնի հարաւային շրջանին մէջ ծովաշարժի վերաբերեալ զգուշացումներ եղան:
25 տարի առաջ` 1999-ին Թայուանի մէջ արձանագրուած 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի պատճառով շուրջ 2400 անձեր մահացան եւ 50 հազար շէնքեր ամբողջովին կամ մասամբ քանդուեցան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
04/04/2024, 08:42