Որոնել

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը  (AFP or licensors)

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիրին առաջնորդող բովանդակային բանակցութիւններ տեսնել. Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ

Հարաւային Կովկասի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, անդրադառնալով Պրիւքսէլի հանդիպումին զուգահեռ ընթացած սահմանային լարուածութեան՝ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սահմանին վրայ կրակոցներու մասին որեւէ հաղորդագրութիւն անհանգստացնող է:

Հարաւային Կովկասի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, անդրադառնալով Պրիւքսէլի հանդիպումին զուգահեռ ընթացած սահմանային լարուածութեան՝ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սահմանին վրայ կրակոցներու մասին որեւէ հաղորդագրութիւն անհանգստացնող է:

Ան յայտնեց, որ չի գիտեր, եթէ զինադադարի խախտումները Պաքուի պատասխանն են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորացող յարաբերութիւններուն, սակայն յստակ է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ տեսնել իրական եւ բովանդակային բանակցութիւններ, որոնք պիտի յանգեցնեն խաղաղութեան պայմանագիրին, սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:

«Ասոր վրայ պէտք է կեդրոնացնել ուշադրութիւնը», ըսաւ Քլաար՝ շեշտելով, որ պէտք է վերադառնալ առարկայական բանակցային գործընթացին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդէն կէս տարիէ ի վեր, պաշտօնատարներ կը խօսին շուտով խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան մասին, սակայն, ինչո՞ւ անիկա իրականութիւն չի դառնար՝ Քլաար ըսաւ. «Կրնայ քանի մը պատճառ ըլլալ, բայց իմ ունեցած տեղեկութիւններէս դատելով՝ կրնամ ւսել, թէ ո՛ւր է գործընթացը տարբեր ուղղութիւններով, ես նոյնպէս կը կարծեմ, որ իրականութեան մէջ այդքան երկար պէտք չէ տեւեր դրական արդիւնքի հասնիլը, եթէ կայ քաղաքական կամք, եթէ կայ յանձնառութիւն: Եւ մենք կ՛ուզենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի հասնինք դրական արդիւնքի»:

Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին՝ Քլաար շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա գործընթացին՝ յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ բանագնացները մօտին ապագային կը հանդիպին: «Առ այդ, դարձեալ յոյս ունիմ, որ մօտիկ ապագային այս գործընթացը իսկապէս յառաջ կ՛ւնթանայ եւ արդիւնքներ կու տայ՝ յանուն Հայաստանի, յանուն Թուրքիոյ, յանուն տարածաշրջանին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Եւրոպական Միութեան կապերուն՝ Քլաար նշեց, որ երկու կողմերը սկսան վերաշահիլ  10 տարի առաջ կորսուած ժամանակը՝ շեշտելով, որ այս յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կը համապատասխանէ թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ Հայաստանի շահերուն: Յարաբերութիւններու հետագայ պատկերացումին մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ անիկա կախեալ է Երեւանի մէջ տրուող քաղաքական որոշումներէն: 

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ՀԱՊԿի անդամակցութիւնը կրնա՞յ խոչընդո՞տ ըլլալ այս ուղիին վրայ՝ Քլաար ուղղակի չպատասխանեց՝ այլ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ մենք հիմա պէտք է նայինք, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել Հայաստանի իշխանութիւնը եւ հայ ժողովուրդը, ուր կ՛ուզեն երթալ եւ ինչպէ՛ս լաւագոյնս կը տեսնեն մեր յարաբերութիւններու զարգացումը: Կը կարծեմ, թէ լաւը այն է, որ մենք կը տեսնենք նաեւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու իրական ամրապնդում, եւ Միացեալ Նահանգները հոն է, որպէսզի օգնէ աջակցելու Հայաստանի դիմացկունութեան: Ասիկա շատ կարեւոր ուղերձ էր, որ, իմ կարծիքով, նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյեն փոխանցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2024, 08:14