Պոլսոյ Նահանգապետարանը արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումը
Պոլսոյ նահանգապետարանը յայտարարեց, որ կ՛արգիլէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրային ձեռնարկները: Այս մասին գրած է «Միանեթ»ը (bianet):
Ապրիլի 24ի ոգեկոչման հարթակին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը նախատեսուած էր իրականացնել Ապրիլ 24ին՝ Ցեղասպանութեան սկիզբի վայրը համարուող Քատըքոյ թաղամասին մէջ:
Այս որոշումը կը նկատուի շարունակութիւնը նախորդ տարիներու քաղաքականութեան, երբ հարթակին կողմէ այսպիսի դիմումներ կը մերժուէին:
Արգելքը ենթարկուեցաւ քննադատութեան զանազան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց կարգին՝ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան (IHD) կողմէ, որ ամէն տարի կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութիւնը:
Հակառակ արգելքին, IHD-ի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ կոմիտէն կը նախատեսէ նոյն օրը Թաքսիմի մէջ գտնուող իրենց կեդրոնատեղիին մէջ «Ճանչնալ, ներողութիւն խնդրել, փոխհատուցել» խորագիրով ճեպազրոյց մը իրականացնել:
Ինչպէս նաեւ կը ծրագրուի կազմակերպել հաւաք մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ցեղասպանութեան դիմակայման անհրաժեշտութիւնը՝ «Ցեղասպանութիւն. ինչո՞ւ առճակատումը անհրաժեշտութիւն է» խորագիրով:
23 Ապրիլի երեկոյեան, Շիշլիի Nostalji սրճարանին մէջ պիտի կազմակերպուի «Stop Racism and Nationalism» հարթակը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ