Որոնել

Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ որբ մանուկներու դամբարան Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ որբ մանուկներու դամբարան  

Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ որբ մանուկներու դամբարան եւ Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան

ԼԵՄ-ի անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Այնթուրայի յուշարձանին ու Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին եւ մեկնեցան պահանջատիրական երթը շարունակելու եւ ամրացնելու վճռակամութեամբ:

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2024-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները կատարեցին դաստիարակչական այցելութիւն մը Այնթուրայի հայ որբ մանուկներու դամբարան, ուր  անոնք ծանօթացան որբանոցի պատմութեան, թրքացման քաղաքականութեան եւ հայ որբերու ապրած տառապանքին:  Ներկայացումը կատարեց ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեան, որ մանրամասն անդրադարձաւ նաեւ որբանոցի յայտնաբերման, կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, դամբարանին եւ անմեղ որբերու յիշատակին յուշարձանի կառուցման:

ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Արազ Էլէյճեան, որ ներկաներուն բացատրեց այցելութիւններու կարեւորութեան, խորհուրդին ու նպատակին մասին: Ան դիտել տուաւ, որ 109 տարիներ առաջ թուրքը որոշեց ու յստակօրէն ծրագրեց բնաջնջել ազգ մը ամբողջ` իր պատմութեամբ, գրականութեամբ, մշակոյթով ու ստեղծագործութեամբ` միայն մէկ հայ ձգելով թանգարանին մէջ:

Էլէյճեան ըսաւ, որ ոճրագործը սպանդը բծախնդիր կերպով ծրագրած էր` բռնի տեղահանումէն մինչեւ Տէր Զօրի անապատ հասնիլը: «Մարկատէէն մինչեւ Այնթուրա եւ Ժիպէյլ` երկու տարբեր ու հակասական պատկերներ եւ պատմութիւններ: Այսօր կը գտնուինք Այնթուրայի մէջ, ուր հայ որբ մանուկներ ողջ հասան, սակայն, Ճեմալ փաշան այս մէկն ալ մտածած ըլլալով` ամէն գնով պիտի իրագործէր թրքացումի ծրագիրը: Այնթուրան կատարեալ դժոխք մը եղաւ  շուրջ հազար տարաբախտ որբերուն համար, որոնք հոն անցուցին անօթութեան, զրկանքի, անխնայ ծեծի ու անարգանքի չորս դժոխային տարիներ:

«Այստեղ հայ մանուկներ տագնապեցան, պայքարեցան, այստեղ անոնց փոքր ու ճղճիմ մարմինները չարչարանքի հետքերէն կարծրացան, այստեղ այնքան թանկարժէք էր հայերէն խօսիլը, որ իւրաքանչիւր հայերէն բառի փոխարէն` օրեր պիտի լային, ողբային ու ցաւ զգային», ըսաւ ան` նշելով, որ այս բոլորին մասին մենք տեղեկացանք որբանոցի մանուկներէն Գառնիկ Բանեանի հետագային գրի առած յուշերէն: Արազ Էլէյճեան շեշտեց, որ վերապրած եւ իրենք զիրենք լաւապէս կերտած մանուկները փաստ են, որ թրքացումի ծրագիրը ձախողած էր, եւ հայապահպանումի գաղափարը աւելի ամրապնդուած է անոնց մէջ:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ժիպէյլի պարագան հակառակն էր: Արդարեւ, Մարիա Ճէյքըպսըն ոչ մէկ ճիգ խնայեց հայ մանուկներու արժանավայել կեանք ապահովելու, հոն  հայ մանուկները վայելեցին Ճէյքըպսընի ու իրեն նման փափկասիրտ մարդոց խնամքն ու հոգատարութիւնը:

«ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կ. վարչութիւնը այս դաստիարակչական այցելութիւնները կազմակերպեց 109 տարիներ առաջ կատարուած ոճիրներն ու իրողութիւնները վերաթարմացնելու համար մեր մտքերուն մէջ, որպէսզի յիշենք ու շարունակենք պահանջել: Այս լոզունգը երբ յայտարարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, պահանջը տարբեր էր, 9 տարիներ ետք տարբեր է ու աւելի ծանր, սակայն, իբրեւ հայ, դաշնակցական ու յեղափոխաշունչ երիտասարդներ, աննահանջ ոգիով կը շարունակենք յարգանքի մեր տուրքը մատուցել միայն պայքարով` յանուն Տէր Զօրի անապատի նահատակներուն, յանուն որբերուն, յանուն ազատ, անկախ, միացեալ, Արցախը ներառող Հայաստանին», եզրափակեց Արազ Էլէյճեան:

Ապա ԼԵՄ-ականները ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր հետեւեցան ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանին կողմէ ներկայացուած շահեկան զեկուցման ու ներկայացման:  Ան նախ բացատրեց տարբերութիւնը երկու որբանոցներուն եւ խօսեցաւ Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութեան մասին: Ապա  Ալոզեան ներկայացուց իւրաքանչիւր բաժին` սկսելով Ցեղասպանութեան ու դէպքերու ժամանակագրութենէն, անցնելով քարտէսներէն մինչեւ որբերու կենցաղ եւ ապա վերածնունդ:

ԼԵՄ-ի անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Այնթուրայի յուշարձանին ու Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին եւ մեկնեցան պահանջատիրական երթը շարունակելու եւ ամրացնելու վճռակամութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 08:50