Որոնել

Երեւան բողոքի ցոյց Երեւան բողոքի ցոյց  (AFP or licensors)

Բողոքի ցոյցեր՝ Երեւան-Սեւան մայրուղիի հրազդանի հատուածին մէջ

Քաղաքացիները շեշտեցին, որ իրենց շարժումներուն նպատակն է՝ ժողովուրդը արթնցնել, որովհետեւ որոշ ատեն մը ետք, թուրքը Սեւան պիտի հասնի, յաջորդը՝ Վարդենիսի գիւղերը պիտի ըլլան:

Երկրորդ օրն է, որ քաղաքացիներ, իբրեւ աջակցութիւն Տաւուշի հայրենակիցներուն, բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացնեն Հանրապետութեան զանազան շրջաններու մէջ:

26 Ապրիլին, քաղաքացիներ դարձեալ փակեցին փողոցներ, ինչպէս նաեւ Երեւան-Սեւան մայրուղիի Հրազդանի հատուածը, ուր բաւական լարուած վիճակ մը ստեղծուեցաւ, եւ վէճ մը ծայր առաւ ոստիկաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ։

Ցուցարարներուն կ՛աջակցէին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան եւ Արման Ղազարեան:

Քաղաքացիները շեշտեցին, որ իրենց շարժումներուն նպատակն է՝ ժողովուրդը արթնցնել, որովհետեւ որոշ ատեն մը ետք, թուրքը Սեւան պիտի հասնի, յաջորդը՝  Վարդենիսի գիւղերը պիտի ըլլան:

Ոստիկաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ հրմշտուք սկսաւ. ոստիկանները ուժ գործադրելով՝ ինքնաշարժ նստեցուցին եւ ձերբակալեցին կարգ մը ցուցարարներ, որոնց կարգին՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։

Աւելի ուշ, ոստիկանական բաժանմունքի բակին մէջ Արթուր Խաչատրեան մանրամասնութիւններ տուաւ զինք ձերբակալելու դէպքին, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան կեցուածքի մասին:

«Ուզում եմ հանդիպել իրենց ղեկավարութեան հետ, հասկանամ` ինչի հիման վրայ են ինձ բերման ենթարկել, որովհետեւ գիտէին` ով եմ: Անկախ ամէն ինչից ես ոչ մի կարգ չեմ խախտել, միայն փորձել եմ հասկանալ` իսկ եթէ թուրքերը ճանապարհ փակեն, արդեօք իրենք նոյն ջանասիրութեամբ ճանապարհը բացելո՞ւ են: Այդ հարցն իրենց ակներեւաբար շատ զայրացրեց: Ինչ տեղի է ունենում Հայաստանում ոստիկանապետութեան եւ բռնակալութեան դրսեւորումներ են», ըսաւ Խաչատրեան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 08:42