Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (10)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

1923 թուականին երբ կը ստորագրուէր Լոզանի տխրահռչակ դաշնագիրը, արդէն դատարկուած էր գրեթէ Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, իսկ հայութեան հատուածի ողջ մնացած բեկորները ցիր ու ցան սփռուած էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքին: Վանին ու Մուշին, Սիսին ու Ատանային, փոխարինելու եկած էին Հալէպն ու Պէյրութը եւ այլուր: Փաստի վերաբերեալ կան զանազան վկայութիւններ տարբեր օտար թէ հայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու տեղեկագրերուն մէջ:

Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Կիլիկիոյ տարածքին նկատելի ներկայութիւն եղող հայը իր բոլոր յարանուանութիւններով, առաջին աշխարհամարտի աւարտին, արդէն  վերածուած էր փոքրաթիւ զանգուածի։

Ցեղասպանութեան հետեւանքով, ակամայ Սուրիոյ անապատներուն մէջ յայտնուած անճար հայը, նախ հացի խնդիր ունէր, որուն սակայն հազիւ յագուրդ տուած, անցաւ հոգեւոր սնունդի, որը նոյնքան անհրաժեշտ եւ նոյնքան կենսական անհրաժեշտութիւն էր հայ տեսակին համար:

Թիթեղածածկ երդիկներով աղքատիկ-խղճուկ աղօթատեղի-դասարաններէն մինչեւ հիաշուք քարաշէն շքեղ դպրոց-եկեղեցիներ կառուցելը, հայը անցաւ իր գողգոթան, բայց չընկրկեցաւ, անխօս տարաւ իր ցաւը, բայց չի վհատեցաւ, իր ապագան ամուր կռուաններու վրայ կառուցելով յառաջ ընթացաւ:

Իսկ այսօ՞ր... Այսօր նոյն այդ ոխերիմ ոսոխին աներեւոյթ ձեռքերով Արցախի տարածքին կեանքի կոչեցին ու իր լրումին հասցուցին 100 տարիներ առաջ մեր ոսոխին` այս պարագային Քէմալի 1923֊ի, անաւարտ մնացած սարսափելի եղեռնագործութիւնը։

Արցախի մէջ տիրող քաոսային վիճակը պարտադրեց այդտեղ հազարամեակներ շարունակ ապրող հայուն, լքելու երկիրը եւ մեկնելու համեմատաբար աւելի ապահով Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Աւելին՝ վերջին շրջանին մէկը միւսին ետեւէն հայկական սրբավայրերու քանդումն ու հրկիզումը ահի ու սարսափի մատնեցին շատերուն, որն ալ արագացուց հայերուն արտահոսքը երկրէն, մի քանի օրերու ընթացքին, չհաշուած հարիւրաւոր հայորդիներու ֆիզիքական կորուստը:

Սրբավայրերու առկայութեամբ եւ անոնց հարուստ պատմութեամբ կ'առանձնանայ Արցախը։ Անոնք կառուցուած են տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր իշխանութիւններու օրօք, որոնք կարեւոր են Արցախահայութեան հոգեւոր, մշակութային կեանքի վերաբերեալ դատողութիւններ կատարելու առումով: Այժմ  բարբարոս անողոք ազերին կը շարունակէ աւերուածութեան գործընթացը: Ան խելակորոյս մոլուցքով կարծես մրցումի ելած ըլլայ ժամանակի հետ, կը ցանկայ արագընթաց սլացքով քանդելու հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, անով իսկ կորուստի մատնելու հայկական հետքերը, ինչպէս իրագործեց Արեւմտեան եւ Կիլիկիան Հայաստաններու պարագային:

Եւ այսպէս ծայր առած աւերուածութիւնը մոլեգնելով, իր կործանարար յորձանքին մէջ քաշեց Արցախի այլազան քաղաքներու մէջ գործող հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը եւ այլ հոգեւոր արժէքներ, ի վերջոյ բռնագրաւեց ողց Արցախ աշխարհի տարածքը համաշխարհային բոլոր կազմակերպութիւններու եւ գերպետութիւններու հետեւող լուռ նայուածքին ներքեւ։

Սկսած վաղնջական ժամանակներէն հասնելով հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մեր պապերը, պահպանելու համար այն ինչ մնացած էր ազգէն, լծուեցան քանդուած տնտեսութիւնն ու բարոյահոգեբանական վատթար վիճակը վերականգնելու աշխատանքին: Այժմ մեզի կը մնայ հետեւութիւններ ընել, պատկերացում կազմելու համար, ողջ ազգի մը դաժան ճակատագրին եւ անոր հասցուած անխնայ հարուածներուն մասին, միաժամանակ չմոռնալով արժանին մատուցելու մեր ազգի տոկունութեան եւ ապրելու ու արարելու աներեր կամքի զօրութեանը:

Արցախի մէջ մոլեգնող եւ հայութեանս սպառնացող օրհասի այս պահուն՝ ուր ակնյայտ է ազերիներու կողքին` թրքական գործօնի առկայութիւնը, Արցախի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքներու անվտանգութեան ապահովումը ազգային եւ հոգեւոր բոլոր միաբանութիւններու, միութիւններու, մարմիններու եւ կառոյցներու առաջնահերթ եւ անյետաձգելի մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ, որ ազգս զերծ մնայ նման մեծ կոտորածէ՝ այն ինչ պատահեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններուն մէջ։ Պատմութիւնը կը շարունակէ արձանագրել դառն եղելութիւնները... անոր հետեւութիւնը կը մնայ մեզի՝ միասնակամ ուժերով վերակազմակերպուիլ, նոր սերունդներուն մէջ ցանել պահանջատիրութեան հոգին որպէսզի վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 08:00