Որոնել

ԵԱՀԿ-ի դրօշակը ԵԱՀԿ-ի դրօշակը 

Ժամանակն է լուծարելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը. Ալիեւ

Ալիեւ կրկին քննադատեց Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդեց, որ եռանախագահներու հիմնարկը ծառայած է «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակութեան»։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿէն պահանջեց լուծարել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման երկարամեայ միջնորդ՝ Մինսքի խումբը։

Անոր համաձայն՝ հայկական կողմը այդ հարցով ընդդիմանալու պատճառ չունի։

Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարեց ԵԱՀԿի նախագահ Եան Պորկի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք։

Ալիեւ կրկին քննադատեց Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդեց, որ եռանախագահներու հիմնարկը ծառայած է «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակութեան»։

Պորկի հետ տեսակցելով՝ այս մէկը կրկնեց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

Պայրամով նաեւ անդրադարձաւ  հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին եւ յայտնեց, որ վերջին կէս տարուան ընթացքին «մեծ աշխատանք տարուած է այդ ուղղութեամբ»:

Ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿի նախագահը ըսաւ. «ԵԱՀԿը կը լսէ երկու կողմերը: Մենք պէտք է ընդունինք նոր իրողութիւնները: Յոյսով ենք, որ շուտով կողմերուն միջեւ համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր ձեռք կը բերուի»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2024, 08:13