Որոնել

2024.05.01 I Catholicos Aram I e Karekin II 2024.05.01 I Catholicos Aram I e Karekin II 

Վեհափառ Հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին եւ ընդհանրապէս Սուրբ Էջմիածնի Մայր աթոռին` հայրենանուէր կեցուածքներուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար:

Երէկ` երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2024-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ:

Վեհափառ հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը: Միաժամանակ, հայրապետները ընդգծեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ներկայ տագնապալից օրերուն:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին եւ ընդհանրապէս Սուրբ Էջմիածնի Մայր աթոռին` հայրենանուէր կեցուածքներուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2024, 08:36