Որոնել

Aftermath of an Israeli strike on a house in Rafah

Քաթար միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Ռաֆահ ներխուժումն ու ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու

Քաթար զգուշացուց, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքայինները իրենց վերջին ապաստանարանէն բռնի տեղահանութեան ենթարկելը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում է եւ կը բազմապատկէ Կազայի մէջ վատթարացող մարդասիրական տագնապը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «Ռաֆահ քաղաք ներխուժումն ու ցեղասպանութեան ոճիրի գործադրումը կանխարգիլելու միջազգային քայլի դիմելու»:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահի ռմբակոծումը, այդտեղ ներխուժումն ու պաղեստինցիները տեղահանելու սպառնալիքը:

Քաթար զգուշացուց, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքայինները իրենց վերջին ապաստանարանէն բռնի տեղահանութեան ենթարկելը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում է եւ կը բազմապատկէ Կազայի մէջ վատթարացող մարդասիրական տագնապը:

Նախարարութիւնը պահանջեց միջազգային օրէնքին եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքին համաձայն քաղաքայիններուն կատարեալ պաշտպանութիւն ապահովել` վերահաստատելով պաղեստինեան դատի արդարութեան, պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներուն եւ 1967-ի սահմաններով ու արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ պետութեան ստեղծման նկատմամբ Քաթարի հաստատ դիրքորոշումը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները երէկ յայտարարեցին. «Կազայի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքի արեւելք ներթափանցած թշնամիի ուժերուն դէմ բուռն կռիւներ կը մղենք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան գործողութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան կայունութիւնը քայքայելու յաւելեալ ազդակ է, եւ Ռուսիան կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը»:

Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Օվիր Կենտելման յայտնեց. «Իսրայէլ համաձայն պիտի չըլլայ Համասը իշխանութեան վրայ պահելով պատերազմին վերջ տալ»:

«Եգիպտական սահմանին մօտ գործողութիւնը չի հակասեր Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան, եւ Համաս տարիներ շարունակ Ռաֆահի անցակէտը օգտագործեց զէնքեր մաքսանենգելու, իր կարողականութիւնը ամրապնդելու եւ օժանդակութիւնները թալանելու համար», նշեց Կենտելման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման Սաֆատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին դատապարտեց իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ Յորդանանէն դէպի Կազա ուղղուող մարդասիրական օժանդակութիւններու կարաւաններուն վրայ կատարուած յարձակումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն անգամ մը եւս շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի կառավարութենէն կ՛ակնկալեն «ամբողջական ու պատշաճ քայլեր որդեգրել այսպիսի յարձակումները արգիլելու եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու համար»:

Նշենք, որ իսրայէլացի բնակեցուածներ այս ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով յարձակումի ենթարկած էին Պէյթ Հանուն անցակէտին ճամբով Կազա ուղղուող յորդանանեան օժանդակութիւններու կարաւանը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլին 1000 փաունտ կշռող 1800 ռումբերէ եւ 500 փաունտ կշռող 1700 ռումբերէ բաղկացած զէնքերու մատակարարումը առկախեցինք»:

«Իսրայէլ զէնքերու խմբաքանակի ուղարկման առկախման պատճառը Ռաֆահ ներխուժելու անոր ծրագիրներուն նկատմամբ մեր մտավախութիւնները փարատելու անոր ձախողութիւնն է», աւելցուց ամերիկացի պաշտօնատարը:

Իսրայէլեան բանակը մեկնաբանելով լուրը ըսաւ, որ «դաշնակիցներուն հետ գործակցութիւնը աննման է», սակայն աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ տարակարծութիւն փակ դռներու ետին կը լուծուի»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Ամերիկեան զէնքերու յանձնումի յետաձգումը պարզապէս Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջեւ պարզ տարակարծութիւն մըն է»:

Փենթակոնի բանբեր Սապրինա Սինկ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը ամբողջացուցած է Կազայի մօտ ծփացող նաւահանգիստի կառուցումը, սակայն կլիմայական ներկայ վատ պայմանները չեն արտօներ երկու մասերէ բաղկացած այդ կառոյցը անվտանգ կերպով փոխադրել իր ճշդուած վայրը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գոյացած է Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն մը` իսրայէլեան բանակի գործնական աշխատանքներու աւարտէն ետք, Ռաֆահի անցակէտի կառավարումը փոխանցելու ամերիկեան ընկերութեան մէջ: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը իր կարգին նշեց. «Ռաֆահի անցակէտին մէջ որեւէ ոչ պաղեստինեան կողմի ներկայութեան հետ պիտի վարուինք իբրեւ բռնագրաւումի ուժի ներկայութիւն, եւ անիկա դիմադրութեան օրինական թիրախ պիտի ըլլայ»:

Պաղեստինեան խմբաւորումները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ պիտի չընդունին Ռաֆահի անցակէտին վրայ կամ այլուր որեւէ կողմի հոգատարութիւնը, «եւ այդ մէկը բռնագրաւում կը նկատենք»:

«Ռաֆահի անցակէտին վրայ հոգատարութիւն պարտադրելու որեւէ ծրագիրի եւ անոր հետեւանքներուն հետ պիտի վարուինք այնպէս, ինչպէս բռնագրաւումին հետ կը վարուինք», շեշտեցին պաղեստինեան խմբաւորումները:

Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը, մէջբերելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահի անցակէտի գրաւումէն ետք, Իրան Համասն ու Հըզպալլան յորդորած է ընդունելու սեղանի վրայ դրուած զինադադարի եւ հանդարտեցման առաջարկները` «Իսրայէլի ոտքին տակէն գորգը քաշելու» համար:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ Թեհրան Ուաշինկթընին յայտնած է, որ եթէ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջական զինադադար հաստատուի, ապա պիտի ապահովէ, որ շրջանին մէջ մնացեալ իր դաշնակիցները յանձնառու ըլլան հանդարտեցման:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երէկ յայտարարեց. «Պայմանները պատրաստ են Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման, եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքի երկիրները յանձնառու ըլլան իրենց խոստումներուն»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 07:50