Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը կոչով դիմած է միջազգային հանրութեան
Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ ըսուած է.
«Ադրբեջանական դատարանը հերթական անգամ երկարաձգել է հայ բարերար, Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի նախնական կալանքի ժամկէտը։
Ութ ամիս շարունակ Ադրբեջանի իշխանութիւններն արհամարհել են միջազգային իրաւունքը եւ մարդկային արժանապատւութիւնը՝ Ռուբէն Վարդանեանին պահելով անազատութեան մէջ՝ առանց դատավարութեան եւ պատշաճ գործընթացի։
Նրանք շարունակում են հրաժարուել յայտնել, թէ երբ տեղի կ՚ունենայ պատշաճ դատավարութիւն կամ լսումներ իրենց, այսպէս կոչուած, «մեղադրանքների» հիման վրայ: Վարդանեանի կալանքը եւս հինգ ամսով երկարաձգելու այս որոշումը, առանց պատշաճ իրաւական ընթացակարգի, մարդու հիմնարար իրաւունքների եւս մէկ կոպտագոյն խախտում է:
Մինչ Եւրախորհրդարանի բանաձեւի, ԱՄՆ Կոնգրեսի պատժամիջոցների մասին օրինագծի եւ Ֆրանսայի Սենատի բանաձեւի միջոցով շարունակւում են ուժգնանալ Ադրբեջանի վրայ միջազգային ճնշումները, մենք՝ Վարդանեան ընտանիքը, կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը՝ կառավարութիւնների, բիզնեսի ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներին պահանջել Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալների անվերապահ ազատ արձակումը, եթէ Ադրբեջանը ցանկանում է պահպանել COP 29-ը հիւրընկալելու արտօնութիւնը, որն Ադրբեջանը հռչակել է որպէս «Խաղաղութեան COP»»:
Ռուբէն Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճարետ Կենսըրն ըսած է, որ «կալանքի ժամկէտի երկարաձգումներու միակ բացատրութիւնն այն է, որ այս գործը քաղաքական է».
«Խափանման միջոց կալանքի բազմակի երկարաձգումները, առանց գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մերժումը հիմնաւորելու անհատականացուած ու յստակ որոշման, Ռուբէն Վարդանեանի իրաւունքներու հերթական կոպտագոյն խախտումն է՝ համաձայն Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային համաձայնագրի, որուն Ատրպէյճանը կ՚անդամակցի։ Ատրպէյճանը Ռուբէն Վարդանեանի դէմ որեւէ փաստացի ապացոյց չունի անոր դատապարտելու համար։ Հետեւաբար, ան պէտք է անյապաղ կերպով եւ անվերապահօրէն ազատ արձակուի»:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ