Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման 

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը 1976 թուականի քարտէսի հիմամբ համաձայնած են սահմանագիծի հատուածներու արձանագրութեան շուրջ

15 մայիսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերը, արձանագրութիւն ստորագրուած է:

15 մայիսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերը, արձանագրութիւն ստորագրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ հանդիպումի ընթացքին յանձնախումբերը, նախորդ` 19 ապրիլի հանդիպումի արձանագրութեան համաձայն, քննարկած են կատարուած աշխատանքները եւ Խորհրդային Միութեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի 1976 թուականի տեղագրական քարտէսի համաձայն, համաձայնած անմիջականօրէն Բաղանիս (Հայաստան)-Բաղանիս Այրում(Ազրպէյճան), Ոսկեպար (Հ)-Աշաղը Ասքիփարա(Ա), Կիրանց (Հ)-Խէյրումլի (Ա) եւ Բերքաբեր (Հ)-Կըզըլ Հաճիլի (Ա) բնակավայրերուն միջեւ սահմանագիծի հատուածներու միացեալ կազմուած արձանագրութիւն-նկարագրութիւնը` Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահմանին համապատասխանեցնելու նպատակով:

Կը նշուի, որ կողմերը համաձայնած են աշխատանքային կարգով համաձայնիլ յաջորդ հանդիպման թուականին եւ վայրին շուրջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2024, 08:29