Եւրոպական շարք մը երկիրներ կրնան ճանչնալ Պաղեստին պետութիւնը. Պորել
Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը հաստատած է, որ Սպանիան, Իրլանտան եւ Եւրոմիութեան շարք մը այլ երկիրներ մտադիր են մայիս 21-ին ճանչնալ Պաղեստին
Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը հաստատած է, որ Սպանիան, Իրլանտան եւ Եւրոմիութեան շարք մը այլ երկիրներ մտադիր են մայիս 21-ին ճանչնալ Պաղեստին պետութիւնը, յայտնած է Reuters-ը:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Իրլանտան, Սպանիան եւ Եւրոմիութեան շարք մը այլ երկիրներ կը դիտարկեն մայիս 21-ին Պաղեստինի ճանաչման հնարաւորութիւնը: Սլովենիան եւ Մալթան եւս աշխուժացուցած են շփումները Պաղեստինեան պետականութեան համատեղ ճանաչման նպատակով:
Այսօր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովին կայանալիք քուէարկութեան շնորհիւ կրնայ ճանչցուիլ կազմակերպութեան Պաղեստինի լիիրաւ անդամակցութիւն ունենալու իրաւունքը:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
11/05/2024, 07:30