Որոնել

2024.05.02 Padre Mesrob Topalian

Այնճարի մէջ երեք համայնքները համագործակցաբար կ’աշխատակցին՝ ի խնդիր մեր Ժողովուրդի բարօրութեան, բարգաւաճման ու վերելքին. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան

Մեր եկեղեցին 1940-էն մինչեւ 1953 թիթեղաշէն էր, 1954-ին վերածուեցաւ քարաշէն կառոյցի, ապա վերջերս, 2013-ին գանատահայ Գրիգոր Ճապուրեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ, յաջողեցանք նորոգել, ընդարձակել եւ գեղակերտել մեր եկեղեցին:

«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը Այնճարի Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերյ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեանի հետ.

Հ.- Հայր Մեսրոպ, որպէս Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ, ըստ ձեզի ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Այնճարի Կաթողիկէ Հայ համայնքը:

Տ.Մ.Ծ.Վ.Թ.- Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ համայնքը Այնճարի մէջ հաստատուած է 1939-ի Սեպտեմբերին: 1940-ին հիմնուած է մեր առաջին վարժարանը՝ Սուրբ Յովսէփ մանչերու վարժարանը, իսկ յաջորդ տարին՝ Անարատ Յղութիւն Հայ Քոյրերու վարժարանը, ապա՝ 1954-ին երկու վարժարանները միացած են, որուն տնօրէնութիւնը ստանձնած են Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերը, մինչեւ իր փակումը՝ 2017-ին:

Մինչեւ օրս ունեցած ենք 19 ժողովրդապետներ, որոնք յաջորդաբար ծառայած են իրենց ժողովուրդին. երբ կ’ըսենք իրենց ժողովուրդին, կը հասկնանք Այնճարի ողջ հայութիւնը եւ ոչ միայն մեր համայնքին պատկանող ծուխերը: Այս ժողովրդապետները, ֆրանսերէն լեզուի իրենց տիրապետութեան պատճառաւ, Լիբանանի ֆրանսական տիրապետութեան տակ եղած շրջանին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակելով՝ սատարեցին գիւղի զարգացման գործընթացին. անոնց ունեցած դերակատարութիւնը անուրանալի է Այնճար հայաւանի հաստատման եւ անոր յաջորդող ծանր տարիներուն ընթացքին, երբ գիւղը հիմնուած էր ու կ’ապրէր չափազանց աննպաստ պայմաններու մէջ:

Մեր եկեղեցին 1940-էն մինչեւ 1953 թիթեղաշէն էր, 1954-ին վերածուեցաւ քարաշէն կառոյցի, ապա վերջերս, 2013-ին գանատահայ Գրիգոր Ճապուրեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ, յաջողեցանք նորոգել, ընդարձակել եւ գեղակերտել մեր եկեղեցին:

Համայնքը ունի իր միութիւնները՝ Ժողովրդապետական խորհուրդը, Եկեղեցասէր Տիկնանց միութիւնը, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութիւնը եւ Հեպոյեան երգչախումբը:

Այնճար, որպէս հայաւան, Լիբանանի ամէնէն բարգաւաճ գիւղերէն մէկն է. հակառակ Լիբանանի ապրած տագնապալի օրերուն, երեք համայնքներս՝ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, կը գործակցինք, որպէսզի գոյատեւէ մեր հայաւանը: Համագիւղական առումով, համագործակցաբար կ’իրականացնենք տարեկան ձեռնարկներ՝ Վարդանանցը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Մայիս 28-ի անկախութիւնը, Ապրիլ 24-ը, ինչպէս նաեւ ընկերային ժամանցային ձեռնարկներ: Աստուածածնայ տօնակատրութիւնը կը կազմակերպէ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը՝ Սուրբ Պատարագով, հարիսայի պատրաստութեամբ եւ տօնավաճառով, իսկ Խաչվերացի տօնը, իր յարակից ձեռնարկներով կ’իրականացնէ Առաքելական եկեղեցին:

Բոլորս միասնաբար կ’աշխատինք ի խնդիր Այնճար հայաւանի մեր ժողովուրդին բարօրութեան, բարգաւաճման, խաղաղութեան ու վերելքին: Կաթողիկէ համայնքը այսօր կը հաշուէ 90 ընտանիք (մօտ 350 անհատ), որուն երիտասարդ ուժին մեծ մասը, մանաւանդ համալսարանաւարտները, կը հեռանան Այնճարէն, գործի ասպարէզ նետուելու համար:

Գիւղի քաղաքապետութիւնը մեր ներկայացուցիչն է արտաքին աշխարհին դիմաց, իսկ ներքին կազմակերպութեամբ կը զբաղի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն:

Հ.- Դուք Մոնթրէալ կը գտնուիք Հայոց Հայրապետ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակի ոգեկոչման առթիւ որպէս բանախօս. ի՞նչ խորհուրդ եւ պատգամ կը փոխանցէ այսօր Հայրապետին աւանդը մեր ժողովուրդին, մանաւանդ որ այս օրերուն կ’ապրինք մեծ յուսալքում Արցախի բռնագրաւումէն եւ արցախցիներուն բռնագաղթի ենթարկուելէն ետք:

Տ.Մ.Ծ.Վ.Թ.- Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի տիտղոսը արդէն կը մատնանշէ այս Հայրապետին հոգեկանութեան մարտավարութիւնը: Ո՞վ է շնորհալին, եթէ ոչ այն անձը, որ կը յարգէ, կը սիրէ դիմացինը եւ կ’աշխատի անոր բարիքին եւ օգտին համար. այս բոլորին կորիզը, հիմն ու ելակէտը սէրն է:

Երբ մեր Հայրապետը եկեղեցիներու վերամիութեան մասին կը պատգամէր, կոչ կ’ուղղէր մեզի միանալու եւ միասնակամ ըլլալու՝ զիրար սիրելով:

Արցախի հարցին պարագային, օրինակ, մենք կորսնցուցինք զայն, որովհետեւ զիրար չենք սիրեր, զիրար չենք լսեր… Եկէք հայ ժողովուրդ, ղեկավարներ եւ իշխանութիւններ զիրար սիրենք, այսպէս բաժան-բաժան եղած, զիրար հարուածելով, քարկոծելով եւ արհամարհելով ինչպէ՞ս պիտի կարենանք հայրենիք պահել, Արցախը վերադարձնել:

Շնորհալի Հայրապետին բոլոր ժամանակներուն այժմէական պատգամը այն է, որ մենք՝ հայերս, զիրար սիրենք, յարգենք եւ օգնենք իրարու, հասկացողութիւն ցուցաբերենք իրարու հանդէպ. սէրն է, որ մեզ կը միացնէ, սէրը չի պառակտեր, երկպառակութիւն չի ստեղծեր, սէրը ինքնասիրութիւնը կը վանէ, սէրը կը զօթէ, կը կապէ, եւ ուր միութիւն կայ, հոն յաղթանակ կայ:

Զէնքի ուժը կարեւոր է, անշուշտ, եւ եթէ հարկ ըլլայ ժողովուրդս ու հայրենիքս պաշտպանելու համար առաջին գիծի վրայ ըլլալ՝ ես պատրաստ եմ զէնքով ու խաչով հոն ըլլալու: Յիշենք Սարդարապատն ու մեր ճակատագրական բոլոր պատերազմները, միայն զէնքով չյաղթեցինք մենք, այլ խաչով, հաւատքով եւ միասնութեամբ: Սէրն ու աղօթքը մեզ պիտի միացնեն:

Հ.- Հայր Մեսրոպ, դուք որպէս աստուածաբան եւ պատմութիւն ուսումնասիրող, հեղինակ էք աւելի քան յիսուն մենագրութիւններու եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններու: Ներկայիս ի՞նչ է ձեր ուսումնասիրութեանց կիզակէտը։

Տ.Մ.Ծ.Վ.Թ.- Զանազան պաշտօններու եւ զբաղմունքներու բերումով ստիպուած եմ աշխատանքային ծիրս սահմանափակել, որուն դժբախտաբար զոհ կ’երթան գրականագիտական, հայագիտական եւ բանասիրական աշխատանքներս:

Այժմ յանձնուած են ինծի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Աւետիք» պաշտօնաթերթին եւ «Մասիս» պարբերաթերթին խմբագրապետական պաշտօնները, որոնք ամբողջ ժամանակս կը խլեն, բայց եւ այնպէս գլխաւոր աշխատանքներուս կիզակէտն է Աստուածամայրը, մարեմաբանութիւնն ու մարեմագիտութիւնը, նիւթ մը, որուն մասին եղած են քանի մը ուսումնասիրողներ, օրինակ՝ Թամար Տասնապետեան, բայց հաւատագիտական այս ճիւղը տակաւին խոպան դաշտ է եւ քիչ ուսումնասիրուած:

Մենք այն եկեղեցիներէն ու այն ժողովուրդներէն ենք, որոնք իրենք զիրենք մարեմական ու մարեմասէր կը յայտարարեն, բայց դժբախտաբար մեր մարեմագիտական գանձարանը հազիւ թէ բացուած է: Ես կը փորձեմ այդ գանձարանը քիչ մը լայն բանալ՝ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ աշխատութիւններովս, եւ ժողովուրդիս փոխանցել, որ մարեմաբանութեան մէջ մենք ունինք հարուստ ժառանգութիւն մեր հայրերէն, մատենագիրներէն եւ մեր աշխարհական բանաստեղծներէն, զորս պէտք է յայտնաբերենք եւ տրամադրելի դարձնենք մեր ժողովուրդին: Ես օրինակ, մարեմականութեան առնչութեամբ 4 հատոր ունիմ, որոնց մէջ կը ներկայացնեմ աշխարհական բանաստեղծներ, որոնք Տիրամօր մասին գրած են: Նշեմ, որ ուսումնասիրութիւններուս ընթացքին յայտնաբերեցի, որ համարեա չկայ հայ բանաստեղծ մը, որ Աստուածամօր մասին քառեակ մը, գեղօն մը կամ բանաստեղծութիւն մը գրած չըլլայ:

Այժմ «Աստուածամայրը հայ մատենագրութեան մէջ» 10 հատորներուս պատրաստութեամբ կը զբաղիմ, որ յուսամ շուտով տպագրութեան կը յանձնուի:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 07:38